
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին եւ հանդիսավարութեամբ ու հիւրընկալութեամբ Էլիզ Եուսուֆեանի, Ուրբաթ, 9 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6էն 8 պիտի կատարուի բացումը «Հայկական Ասեղնագործութիւն՝ Դերձանով Բանաստեղծութիւն» ասեղնագործութեան ցուցահանդէսին, Lacis Museum of Lace and Textiles հաստատութեան մէջ, որուն հասցէն է՝ 2982 Adeline Street, Berkeley, CA 94703:
Հաստատութեան եւ ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: Շրջուն այցելութիւնները՝ ժամադրութեամբ, հեռաձայնելով (510) 843-7290 թիւին:
Նշենք, որ Էլիզ Եուսուֆեան հայկական ասեղնագործութեան արուեստին մէջ հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մըն է: Հիմնուելով ընդարձակ ուսումնասիրութեան, աւանդական գիտութեան եւ ստեղծագործողի հմտութիւններուն վրայ, Եուսուֆեան Lacis Museum of Lace and Textiles-ի հաւաքածոն կը ճանչնայ իբրեւ աշխարհի լաւագոյններէն մէկը: