ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախորդող օրերուն, պաշտօնական քաղաքական կապեր հաստատուեցան Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբին եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի միջեւ։
Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին՝ նախարար Ժոլի յատկապէս ըսաւ հետեւեալը. «Գանատա պիտի շարունակէ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու բանակցային, խաղաղ, քաղաքական միջոցներով Հայաստանի հետ հակամարտութեան հանգուցալուծման՝ յարգելով Հելսինքիի սկզբունքները, ազատ արձակելով կամայական կերպով պահուող հայ գերիները, յարգելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զերծ մնալով ուժի կիրարկումէն եւ սպառնալից հռետորաբանութենէն»։
Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը իր քաղաքական առաջնահերթութիւններու ծիրին մէջ աշխոյժ կերպով կը շարունակէ աշխատանքները Գանատայի թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ։