«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթըր Սթանo հաստատեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւնները որեւէ կապ չունին անդամութեան թեկնածութեան կարելիութիւններուն հետ։
Ան դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան բանակցութիւնները օրակարգի շուրջ կ՛արտացոլացնեն երկու կողմի փոխադարձ փափաքը եւ կամքը՝ միասնաբար աւելին ընելու, սակայն հիմնուած՝ ներկայի յարաբերութիւններուն վրայ: Իսկ ներկայի յարաբերութիւնները սահմանուած են Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով։