«Գարդման-Շիրվան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութեան անդրադարձող եւ զայն դատապարտող Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանի փրոֆեսէօր Ալտօ Ֆերարիի յօդուածը։
Յօդուածին հեղինակը, անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան պատմական հիմքերուն՝ կը կատարէ շարք մը մատնանշումներ՝ յստակ փուլերու բաժնելով հայութեան նկատմամբ բռնութիւնները՝ 1905-1906, 1918-1920,1988-1992 եւ 2020-2023։ Խօսելով հակամարտութեան նորագոյն փուլին մասին՝ Ֆերարի կը նշէ, որ Արցախի հայերուն` Հայաստանին միանալու խնդրանքը 1988ի սկիզբէն պատճառ դարձաւ անոնց դէմ ջարդերու Ատրպէյճանի Սումկայիթ եւ Պաքու քաղաքներուն մէջ։ Սակայն, պէտք է աւելցնել, որ հայութեան նկատմամբ բռնութիւնները երբեք չսահմանափակուեցան Սումկայիթով, այլ՝ տարածուեցան Խորհրդային Ատրպէյճանի հայկական եւ հայաբնակ բոլոր բնակավայրերուն մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ բազմահազար հայութեան ցեղային զտման եւ հայկական հոգեւոր կրօնական-ազգային մշակութային ժառանգութեան գոյութենական վտանգին։
Միութենէն կը նշեն, որ յօդուածագիրը ճշմարտացիօրէն կ՛արձանագրէ հետեւեալը. «Միջազգային հանրութեան գրեթէ կատարեալ անտարբերութեան պայմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնը ցեղային զտման ենթարկելէ ետք, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մասնաւորաբար կը վարէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը գողնալու քաղաքականութիւնը, որուն «ողբերգական նախադէպը Նախիջեւանն է»։
Ան յատուկ կերպով կ՛անդրադառնայ Նախիջեւանի հայկական մշակութային կորուստին՝ 90 եկեղեցիներ, 10,000 խաչքարեր։ «Հայերու գեղարուեստական ժառանգութեան վերացումը ջնջած է այս տարածքին մէջ անոնց հազարամեայ ներկայութեան յիշողութիւնը», կ՛եզրափակէ Ֆերարի։