Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ հայկական կողմը Մինսքի գործընթացի շարունակականութեան հարցը կրնայ դիտարկել առաջին հերթին՝ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման պարունակին մէջ: Այս տեսակէտը արտայայտուեցաւ այս գծով «Ազատութեան» գրաւոր հարցումին իբրեւ պատասխան:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Մինսքի խումբը լուծարելու պահանջը պարբերաբար կը հնչէՊաքուէն, այս փուլին Հայաստանէն ակնկալուող քայլերուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահը Յուլիսի աւարտին Սահմանադրութեան փոփոխութենէն բացի նաեւ Մինսքի խումբը համատեղ լուծարելու պահանջ դրաւ: Բայց, ըստ Ալիեւի, «Հայաստան համաձայն չէ անոր»:
«Եթէ Հայաստան նախընտրէ պահպանել Մինսկի խումբը, կը նշանակէ, որ մեզի նկատմամբ անոնց տարածքային նկրտումներ տակաւին կան», յայտարարեց Ալիեւ:
«Մինսկի խմբի հետ կապուած խօսակցութիւններն այն խօսակցութիւններն են, որոնք կարող են լինել խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելուց յետոյ: Այսինքն, երբ որ խաղաղութեան պայմանագիր ենք կնքում, իր իմաստն ուղղակի կորում է», Մինսքի խումբը լուծարելու՝ Ատրպէյճանի նախագահի կրկնուող պահանջէն ետք յայտարարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան:
Երեւան, ինչպէս պաշտօնատարներու յայտարարութիւններէն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ «Ազատութեան» ուղարկած պատասխանէն յստակ կը դառնայ, որ չի մերժեր Մինսքի խումբի լուծարման՝ ատրպէյճանական առաջարկը, բայց Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումէն առաջ իսկ կ՛ուզէ տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցով 3 տասնամեակ զբաղած կառոյցին չգոյութիւնը, Երեւան՝ անոր կնքումէն ետք:
«Ադրբեջանը փորձում է վերացնել հակամարտութեան վերաբերեալ բոլոր պաշտօնական յիշատակումները», Պաքուի շարժառիթներուն անդրադառնալով՝ յայտնեց քաղաքագէտ, Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան տարածաշրջանային կեդրոնի նախագահ Տիգրան Գրիգորեան:
«Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է, որ չպէտք է լինի Լեռնային Ղարաբաղի եւ հակամարտութեան վերաբերեալ որեւէ ֆորմալ (պաշտօնական) յիշատակում, որպէսզի եթէ յանկարծ Հայաստանում իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ եւ նոր իշխանութիւնները ունենան այլ պատկերացումներ, նրանք չունենան այդ ֆորմալ փաստարկները հակամարտութիւնը կամ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը վերակենդանացնելու համար: Ըստ իս՝ սա բաւականին մակերեսային մօտեցում է, ի հարկէ, եթէ Հայաստանում յանկարծ այդպիսի ուժեր գան իշխանութեան, նրանք չեն նայելու Մինսկի խմբի գոյութեանը կամ չգոյութեանը կամ էլ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագրի առկայութեանը կամ բացակայութեանը», ըսաւ Գրիգորեան:
Հակառակ Երեւանի դիրքորոշումին, թէ Մինսքի խումբին պայմանագիրէն ետք պիտի անդրադառնան, Գրիգորեան վստահ չէ, թէ հայաստանցի բանակցողները մինչեւ վերջ անսասան պիտի մնան:
«Երեւանը պնդում է, որ գնացէք ստորագրմանը, մենք կը գնանք այդ քայլին, բայց այստեղ պարզ չէ, թէ կողմերից որ մէկը կը գնայ զիջման: Այսինքն՝ երկու մեծ հաշուով տարբերուող դիրքորոշումների պարագայում, որ դիրքորոշումը կը դառնայ ընդունելի երկու կողմերի համար: Փորձը ցոյց է տալիս, որ Երեւանն է վաղ թէ ուշ ընդունում Բաքուի մօտեցումները», ընդգծեց Գրիգորեան: