
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Ներհուն Մտաւորական եւ ազնուագոյն Մարդ։ Հմտութիւն ու համեստութիւն։ Խորասոյզ, անդուլ աշխատանք ու ծաւալուն եւ գեղեցիկ մատուցում։ Ծով մարդկայնութեան, նաեւ բարեկամութեան սահուն առագաստ։ Ինչպէ՜ս համատեղուած էին ազնիւ նայուածքն ու խորաթափանց միտքը։
Աս ի՜նչ տրտմութիւն է այսօր, Յարութի՛ւն։ Բազմամշակութայինը շաղախելով ազգայինին՝ անհատնելի, անգնահատելի գանձ թողուցիր, մատենագա՛նձ, …եւ հոգիդ առիր գացիր։
Մօտ վեց տասնամեակ առաջ, մեր սերունդին հարցումները դո՛ւն բացիր։
Գրաքննադատական մտքի հանքերը խաւ առ խաւ ներկայացուցիր։ Պատրաստած նորաոճ դասագիրքերովդ հայերէն գնահատել ու սիրել սորվեցուցիր, եւ դեռ՝ հաստափոր հատորները Դաշնակցութեան պատմութեան, ներշնչող դաստիարակի ու բազմաթիւ գիրքերու բծախնդիր խմբագիրի արհեստավարժութիւնդ։ Ի՜նչ վայելք էին խոհագրութիւններդ՝ մտածում հրահրող ։
Այս բոլորը շաղկապուած էին ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ պրպտումիդ, հարցադրումներուդ եւ հիմնաւորուած ու խարսխած հաւատքիդ հետ։
Եթէ գիտնայիր որ այսքան սիրտ պիտի ճմլուի, այսքան արցունք յորդի, հառաչանքներ զսպուին. ալիքներ զարնուին յիշատակներու կղզիին, ու ցաւը, սա կսկծացող ցաւը պիտի անխօս դարձնէ սիրելիներդ ու բարեկամներդ, ազնուագո՛յն Յարութիւն, չէի՜ր հեռանար, ան ալ՝ անվերադարձ։ Չկարենալ հաւատալու առեղծուածին մէջ չէիր ձգեր բոլորս։ Մարոյէն չէիր հեռանար։ Բայց քու ձեռքդ չէր։ Քու ձեռքդ չէ՜ր։
Օգոստոս 9, 2024
*Դեռ Յուլիս 15ին, Լիզպոնի մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հրաւէրով հաւաքուած էինք, երեսուն մտաւորականներ երեք սերունդներէ, եռօրեայ խորհրդակցութեան, որ կը կոչուէր՝ «Հաւասարում Նորոգ»։