Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի Երկուշաբթի, 19 Օգոստոսի յայտարարութիւնը ոչ միայն ափսոսանք կը յառաջացնէ, այլ նաեւ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Մոսկուայի կառուցողական ներգրաւուածութիւնը, յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
«Հայաստանի վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան զանազան պաշտօնեաների՝ իրականութեանը չհամապատասխանող, ակնյայտօրէն կողմնակալ, յաճախ անյարգալից մեկնաբանութիւնները, ցաւօք, վաղուց արդէն նորոյթ չեն, եւ եթէ նկատել էք, տեւական ժամանակ է, ինչ մենք անգամ չենք անդրադառնում դրանց», ըսաւ Բադալեան:
Լաւրով մէկ օր առաջ պնդեց, թէ ենթակառոյցներու ապաշրջափակման հարցով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները Հայաստանի իշխանութիւնը «սապոթաժ»ի կ՛ենթարկէ եւ շեշտեց, թէ հարցը պէտք է լուծուի 2020էն 2022 եռակողմ յայտարարութիւններու տառին եւ ոգիին համապատասխան:
«Երբեմնի միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած, 2020ի Նոյեմբերի 9ի յայտարարութիւնը ստորագրած, դրա հիման վրայ տարածաշրջանում խաղաղապահ զօրախումբ տեղակայած պետութեան նախարարը չի կարող չտեսնել, որ չկայ այդ յայտարարութեան գէթ մէկ առանցքային կէտ, որն անդառնալիօրէն խախտուած չլինի՝ չնայած դրա ներքոյ Ռուսիոյ ստորագրութեանը եւ դրանով նախատեսուած գործընթացներում Ռուսիոյ մասնակցութեանն ու պատասխանատուութեանը: Կարծում ենք նաեւ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը քաջատեղեակ է, որ հրապարակային փաստաթղթերից դուրս՝ Հայաստանը որեւէ այլ պայմանաւորուածութեան մաս չի կազմում, հետեւաբար չի կարող սաբոտաժի (խափանարարութեան) ենթարկել դրանք», ըսաւ Բադալեան:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը արդէն իսկ լայն ճանաչում ունի միջազգային հանրութեան մօտ եւ քանի մը անգամ ներկայացուած է նաեւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն։
Նշելով, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը դրական արձագանգի արժանացած է շարք մը միջազգային գործընկերներու կողմէ՝ Երեւան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան իր գործընկերներուն կոչ ըրաւ «կողմնակալ յայտարարութիւններով սաբոտաժի չենթարկել այն, ոչ էլ Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան հասնելու ջանքերը»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը բազմիցս վերահաստատել եւ հիմա էլ վերահաստատում է իր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ իր բաժին աշխատանքը կը կատարի այդ օրակարգը բարեյաջող իրացնելու համար», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին տարածած յայտարարութեան մէջ։