Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը Ռուսիոյ Քուրսքի մարզին մէջ աւելի Քան 1250 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի եւ 92 բնակավայրերու կը վերահսկեն, յայտարարեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի:
«Ընդհանուր առմամբ, այս գործողութիւնը դարձաւ մեծագոյն ներդրումը ուքրանացիները, ուքրանացի կիները ռուսական գերութենէն ազատելու գործին մէջ: Մէկ գործողութեան ընթացքին մենք արդէն մեծ թիւով ռուս գերիներ ունինք, ասիկա մեր նպատակներէն մէկն է, եւ մեր գործողութիւնները կը շարունակուին», ըսաւ Զելենսքի:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ եթէ Ուքրանիոյ արեւմտեան գործընկերները ջնջէին ռուսական տարածքին մէջ իրենց զէնքի օգտագործման սահմանափակումները, Քուրսքի մարզը ներխուժելու անհրաժեշտութիւն չէր ըլլար: Իսկ այժմ, ըստ Զելենսքիի, չեն կրնար «օգտագործել իրենց ունեցած բոլոր զէնքերը եւ ոչնչացնել ռուս ահաբեկիչները այնտեղ, ուր անոնք կը գտնուին»:
«Քանի մը ամիս առաջ աշխարհի մէջ շատերը եթէ լսէին, որ մենք կը ծրագրենք այնպիսի գործողութիւն մը, ինչպէս Քուրսքի շրջանին մէջ, պիտի ըսէին, որ անիկա իրատեսական չէ, եւ որ ասիկա կ՛անցնի Ռուսիոյ բոլոր կարմիր գիծերէն», ըսաւ Զելենսքի:
Յիշեցնենք, որ ուքրանական բանակը 6 Օգոստոսին ներխուժեց Ռուսիոյ տարածքը, Քուրսքի մարզին մէջ «ապահովական գօտի» ստեղծելու նպատակով: