

Հայկական մշակոյթի մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է տոհմիկ տարազը։ Հայաստանի մէջ, տարազի հնագոյն հետքեր յայտնաբերուած են ժայռապատկերներու վրայ, ուր նախամարդը, ամօթի զգացումէն թելադրուած կամ ցուրտէն պաշտպանուելու համար, կը փորձէր անասուններու մորթերով ծածկել իր մարմինին որոշ մասերը։ Հետեւաբար, տարազի ծագումը կապուած է բարոյական գիտակցութեան եւ կլիմայական պայմաններու հետ։
Սակայն դարերու ընթացքին, ձգտելով գեղեցիկին, տարազները կը սկսին ձեւաւորուիլ եւ գունազարդուիլ, աւելի պատշաճ եւ վայելուչ տեսք տալու համար անոնց։
ՏԱՐԱԶ բառը Հրաչեայ Աճառեանի բառարանին մէջ ունի «բանուածք, արուեստով գործուածք» իմաստը։
Ազգային հագուստը՝ հայկական տարազը, մեր ժողովուրդի մտածողութեան արտացոլանքն է: Ան ոչ միայն արտայայտած է մեր ինքնութիւնը, այլ նաեւ եղած է այդ ինքնութիւնը պահպանող ազդակներէն մէկը՝ ունենալով դարաւոր պատմութիւն։ Տարազներու համար կարեւոր նշանակութիւն ունէր գոյներու ընտրութիւնը։ Գոյներուն հետ կարեւոր էր նաեւ բազմատեսակ նաշխազարդումը։
ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

«Գոյնի զգացումը մարդու բարձրագոյն հրճուանքներից մէկն է», ըսած է գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեան։
Հայկական տարազի մէջ գերակշռած են Երկրի չորս գլխաւոր տարրերուն` հողի, ջուրի, օդի եւ կրակի գոյները, որոնք ըստ 14րդ դարու հայ փիլիսոփայ Գրիգոր Տաթեւացիի, կ՛արտայայտեն հողի սեւութիւնը, ջուրի սպիտակութիւնը, օդի կարմիրը եւ կրակի դեղինը։ Աւելի ուշ ծիրանագոյնը խորհրդանշած է խոհեմութիւն, կարմիրը՝ քաջութիւն եւ մարտիրոսութիւն, կապոյտը՝ երկնաւոր արդարութիւն, սպիտակը՝ մաքրութիւն եւ մանիշակագոյնը իմաստութիւն։
Բայց ազգային տարազի ամենէն տարածուն գոյնը կարմիրն էր։ Օրինակ կարմիր գոգնոցը ամուսնացած կարգավիճակի խորհրդանիշն էր։
Կարմիրը կը տեսնենք նաեւ հարսանեկան ծէսի մէջ։ Կարմիրը կանանչին հետ զուգորդուած է։ Կանաչը կը խորհրդանշէ փեսան, կարմիրը՝ հարսը, որ փեսային պէտք է ծաղկեցնէ եւ հարսն ու փեսան միաւորուելով պէտք է ծնունդ տան։
ՏԱՐԱԶՆ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ
Հայկական տարազը իր յատկանիշներով կարելի է բաժնել երկու հիմնական շրջաններու՝ արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններ։
Արեւմտեան Հայաստանի կանացի տարազը յատկանշական էր իր ճոխութեամբ, յատկապէս հարուստ էր ոսկեթել եւ արծաթաթել ասեղնագործութիւններով: Միւս էական տարբերութիւնն այն էր, որ արեւմտեան բոլոր գաւառներու մէջ գոգնոցը կնոջ տարազի պարտադիր մասն էր: Գոգնոցը կը կապէին մէջքին, կրծքամասին կամ ուսամասին:
ՏՐԵԽԸ

Գուլպան եւ ոտնամանը հայոց տարազի անբաժան մասը եղած են, որոնք նաեւ պաշտպանած են ցուրտէն: Տրեխը տղամարդու կամ կնոջ կաշիէ սրածայր ոտնամանը, հայկական ժողովրդական հագուստի բաղադրիչներէն է։
2010ին, Ռոն Պանհասիի գլխաւորած գիտնականներու խումբը Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզին մէջ գտաւ կաշիէ տրեխ մը ։ Ըստ գիտնականներու՝ տրեխը ենթադրաբար 5500 տարուան պատմութիւն ունի։ Այժմ այդ տրեխը կը գտնուի Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։
ՏԱՐԱԶԻ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉՆԵՐԸ
Տարազի կարեւոր բաղադրիչներէն է զարդը, որ արտայայտած է կրողին գեղագիտական ճաշակն ու նախասիրութիւնը: Կիները զարդերը կը կրէին ոչ միայն գեղեցկութեան համար, այլ նաեւ որպէսզի հեռու մնան չար աչքերէ։ Բայց երիտասարդ աղջիկներու տարազները զուրկ էին զարդանքներէ։
Հայկական զգեստը կը յատկանշուի իր երկարափէշութեամբ, կողքերու ճեղքուածքներով եւ գօտիով: Գեղազարդուած է երիզով, քողով, ասեղնագործութեամբ եւ գլխաշորով: Հայկական ասեղնագործութեան յայտնի կեդրոններն էին՝ Վան-Վասպուրականը, Կարինը, Շիրակը, Սիւնիք-Արցախը եւ Կիլիկիան։

Տարազը նաեւ ցոյց տուած է մարդու հարստութիւնը եւ երեխաներուն թիւը։ Եթէ կինը հարուստ էր, ուրեմն իր տարազը զարդարուած կ՛ըլլար ոսկի եւ արծաթ թելերով։ Գոգնոցը զարդարուած կ՛ըլլար կենաց ծառով։ Ամուսնացած կնկան գլխարկը աւելի բարձր կ՛ըլլար եւ ճակատին կէսը կը փակէր։ Իսկ գլխարկը զարդարուած կ՛ըլլար մետաղադրամներով եւ սպիտակ գլխաշորը գլխարկը կը պահէր գլուխին։
Կանանց մօտ գօտին պատուի խորհրդանիշ էր եւ կանանց կը թոյլատրուէր կրել ամուսնութեան կարգավիճակով․ կը հաւատային, որ եթէ գօտին արձակուէր, կրնար ազդել պտղաբերութեան վրայ։
ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ՏԱՐԱԶԸ
Տղամարդու տարազը բաղկացած էր երկու հիմնական բաղադրիչներէն՝ ուսային (շապիկ, բաճկոն, մուշտակ) եւ գօտիական (տաբատ, շալվար)։
Ոսկի գօտին կը նշանակէր հարստութիւն, իսկ արծաթը՝ խոհեմութիւն եւ հասունութիւն։ Գօտին տղամարդոց համար կը խորհրդանշէր քաջութիւն։
Տղամարդիկ ձմեռը կը հագուէին լայն մուշտակ՝ առանց գօտիի, եւ կը կրէին ոչխարի մորթէ գլխարկ: Տղամարդոց տարազները երբեմն կ՛ամբողջանային զէնքով։


ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ
Այսօր, բնականաբար, մեր առօրեային մէջ չենք տեսներ հայկական տարազով անձիք, բայց բարեբախտաբար հայկական տարազը կը պահպանուի ազգային պարերու միջոցաւ, լուսանկարչական սրահներէն ներս եւ երբեմն նոյնիսկ միախառնուած առօրեայ սովորական զգեստներու հետ, մեր փայլուն հայ նորաձեւութեան արուեստագէտներու ստեղծագործութեամբ։
2015էն ի վեր, Հայաստանի մէջ ամէն ամառը տեղի կ՛ունենան տարազի փառատօններ։ Այս տարի եւս, Օգոստոս 10-11ին տեղի ունեցաւ «ՏարազՖեստ» փառատօնը, Երեւանի Յաղթանակի այգիին մէջ, ուր դարձեալ լուսարձակի տակ դրուեցան մեր մշակոյթի հարստութիւններէն՝ հայկական տարազը։
Այսօր մեր տարազներու հանդէպ հետաքրքրութիւնը ոչ միայն հայ հասարակութեան կողմէն է, այլ նաեւ օտար ազգերու կողմէ։ Մեր մշակոյթի հաստատութիւնները կամ անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը, կամ նորաձեւութեան վարպետներ Լիլիթ Մարգարեանն ու Գէորգ Շատոյեանը, նորաձեւութեան փառատօններուն մեր աւանդական տարազները բեմերու վրայ կը ցուցադրեն եւ աւելի եւս կը զմայլեցնեն հանրութիւնը, նոյնիսկ դժուարահաճ մեր երիտասարդ սերունդը։
Նշենք, որ վերջերս Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ հայկական տարազներու նուիրուած՝ գունաւորելու բարձրորակ եւ հիանալի գիրք մը՝ «Հայկական Տարազ․ Ներկիր Ինքդ» վերնագիրով, «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ Լիլիթ Մելքոնեանի հեղինակութեամբ։
Հայկական տարազները կ՛արտացոլեն բազմազանութիւն, արուեստ, ստեղծագործութիւն եւ ոչ մէկ գործօն չէ յաջողած ջնջել մեր տարազներու ինքնատիպութիւնը։
Ահա անգամ մը եւս կարելի է հպարտանալ մեր մշակոյթով եւ այս անգամ՝ մեր տարազներու գեղեցկութիւնով։
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ

