
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (AEF) կը տեղեկացնէ, թէ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին նախաձեռնած «Արարատ-Խաչանով» ցուցադրական բարեսիրական մրցումին մասնաճիւղը գոյացած հասոյթէն 15,000 տոլար յատկացուցած է հիմնարկութեան, որ իր կարգին գումարը տրամադրած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 12 համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակները հոգալու ջանքին։
Արհեստավարժ թենիսի միջազգային դասաւորման 23րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ մարզիկ Կարէն Խաչանով, որ Անտրէյ Ռուպլեւի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ նշեալ մրցումին, ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ ճամբով կարելի եղած է օգնութեան ձեռք երկարել արցախցի ուսանողներուն, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան, որոնք յաջողութեամբ պսակեցին այս նախաձեռնութիւնը։
Հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Սերոբ Պէյլերեան երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին, Կարէն Խաչանովին եւ Անտրէյ Ռուպլեւին, որոնք նպաստեցին Արցախի ուսանողներուն աջակցութեան ձեռք երկարելու հիմնարկութեան ջանքերուն։


Արցախի հայաթափումէն ետք, հիմնարկութիւնը առաւել քան 100 արցախցի համալսարանական ուսանողներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ մասնագիտացող 50 այլ արցախցի ուսանողներու կրթանպաստներ յատկացուցած է, ինչպէս նաեւ օժանդակած է Արցախէն աշակերտներ ընդունած Արեւադաշտի եւ Վերին Արտաշատի վարժարաններուն։ Նաեւ, հիմնարկութիւնը առաւել քան 1000 արցախցի աշակերտներու գրենական պիտոյքներ նուիրած է։
Միայն այս կրթական տարեշրջանին ընթացքին, հայ ուսանողներու եւ աշակերտներու 1300 կրթանպաստներ տրամադրած Հայ կրթական հիմնարկութիւնը 1950էն ի վեր կրթանպաստներ կը տրամադրէ հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի տարածքին: Անիկա 2000էն ի վեր նորոգած է առաւել քան 200 վարժարաններ։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ անոր գործունէութեան աջակցելու կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել aefweb.org կայքը: