
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Վերամուտը բարի մեր հայ վարժարաններուն, հայ մանուկին, հայ աշակերտին եւ հայ ուսանողին, անսպառ կորով՝ հայ դաստիարակին:
21 Օգոստոսի առաւօտեան, տօնական տրամադրութիւն մը կը տիրէր Ս.Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կանգառներուն մէջ:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 2024-2025 վերամուտն էր: Վարժարանի մուտքի զոյգ դռներու շեմին, զարդափուչիկներու կողքին կայնած՝ դաստիարակներ եւ պաշտօնէութիւն իրենց հարազատ ժպիտներով կը դիմաւորէին վերադարձող, կամ նորագրեալ մեծ եւ փոքր աշակերտները եւ իրենց ծնողները:
Դպրոցի շրջափակը մեծ խանդավառութիւն մը կ՛ապրէր այդ օրը. ոմանք կ՛ողջագուրուէին իրենց դասընկերներուն հետ, փոքրիկ աշակերտները կը ցատկռտէին մեծ խայտանքով, իսկ նորեկները անմեղ ժպիտներով կը սպասէին դասընկերոջ մը, որուն հետ պիտի ուղղուէին դպրոցի չորս բոլորը եւ ծանօթանային առաւել դասընկերներու…



Հին եւ նոր արտայայտութիւնները, յիշողութիւնները եւ բարձրաղաղակ խնդուքները լեցուած էին ամէնուրեք:
Տնօրէնութիւն, պաշտօնէութիւն, ուսուցիչներ եւ ծնողներ սիրալիր եւ բարեհամբոյր կը շնորհաւորէին զիրար՝ բարի վերամուտի մը ընդառաջ:
Վարժարանի 55րդ յատկանշական այս վերամուտը սկիզբ առաւ վերանորոգուած «Ներսէս Թաշճեան» մարզադաշտի բացման հանդիսաւոր պահով, ուր պաշտօնական շքախումբը՝ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ բաղկացած Ազգային իշխանութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, վարժարանիս Տնտեսական խորհուրդին, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան ներկայացուցիչներէն, մուտք գործեց. անոր յաջորդեցին աշակերտները եւ ծնողները:
Վերամուտի բացման յայտագիրը թափ առաւ, երբ Աշակերտական խորհուրդի զոյգ ներկայացուցիչները Տէրունական աղօթքով, Հայ աշակերտին ուխտով, ապա Ամերիկայի, Հայաստանի եւ «Փիլիպոս»ի հիմներգներով առաջնորդեցին աշակերտները եւ ներկաները:
Բարի գալուստի իր խօսքով, վարժարանիս հայոց գրականութեան դասատու Սոնա Մատարեան լուսարձակի տակ առաւ հայ դպրոցին եւ յատկապէս «Փիլիպոս»ի դերը, որ Հոլիվուտի «Փոքրիկ Հայաստան» թաղամասի բաբախող սիրտը դարձած՝ կէս դար եւ աւելի մշակած է հայ սերունդներ, որոնք պարծանքը եւ պատիւը դարձած են մեր համայնքին, ան ապա շեշտելով հայոց լեզուի դերը՝ աւելցուց. «Հայոց լեզուն է մեր ժողովուրդի ինքնութեան պատուանդանը՝ հայոց յաւերժագիրը»:


Անգլերէնով խօսք առաւ երկրորդական բաժինի կրթական ծրագիրը համակարգող Արփի Սահակեան, որ շեշտեց «Փիլիպոս»ի նոր տարեշրջանի լօզունգ՝ «Անկասելի «Փիլիպոս»ը» եւ քաջալերեց աշակերտները ինքնավստահ ուղիով շարունակելու իրենց ուսման ընթացքը՝ նոր վերելքներով:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ուկօ Սոթօ-Մարթինեզ գնահատագիր մը յանձնեց տնօրէնուհի դոկտ.Սիւզի Օհանեանին, մաղթելով նոր վերելքներ «Փիլիպոս»ին:
Խօսք առաւ վարժարանիս Տնտեսական խորհուրդի ատենապետ Վահէ Թաշճեան, որ գնահատեց վարժարանիս առաքելութիւնը եւ անցեալ տարիներու յաջողութիւնը, շնորհիւ նախորդ տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի առաջնորդութեան եւ նոր յաջողութիւններ մաղթեց նոր տնօրէնուհիին եւ «Փիլիպոս»ի կրթական համակարգին:
Յայտագիրի ընդգծելի բաժինով, հինգ տասնամեակներ ներկայացնող շրջանաւարտներ եւ անոնց հետեւող ներկայ աշակերտներ տողանցեցին սրահին մէջ՝ «Փիլիպոս»ի գիտութեան ջահը փոխանցելով եւ յաջորդաբար իւրաքանչիւրը այս տարեշրջանի «Փիլիպոս»ի մէկ լօզունգը արտասանելով՝ «Անկասելի մշակոյթ», «Անկասելի հայրենասիրութիւն», «Անկասելի ուսումնասիրութիւն», «Անկասելի գիտութիւն» եւ վերջապէս Ա. կարգի աշակերտուհին գոչեց «Անկասելի «Փիլիպոս»ը» եւ ջահը յանձնեց տնօրէնուհի դոկտ. Օհանեանին:

Ներկաներուն խանդավառ ծափողջոյններուն տակ ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս նորանշանակ տնօրէնուհին, որ մշակուած երկու լեզուներով ներկայացուց վերամուտի պատգամը՝ շեշտելով, որ յարգանքը եւ սէրը բանալին են իւրաքանչիւր յաջողութեան: «Մենք պէտք է արժեւորենք «Փիլիպոս»ի անցեալ 55 տարիներու արձանագրած յաջողութիւնները, սակայն առաւել գիտութեամբ եւ մարդկային բարձր արժէքներով զինենք, մեզի վստահուած մատղաշ հայ նոր սերունդները», ըսաւ ան եւ իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ պատգամով.
«Վստահ եմ որ, մենք բոլորս միասին վերանորոգ եւ ինքնավստահ քայլերով պիտի բանանք մեր դէմ կրթութեան եւ գիտութեան, առաւել պատրաստակամ, առաւել ամրապնդուած եւ առաւել լուսաւոր նոր հորիզոններ, որոնք պիտի դրոշմուին, առաւել բարձր մակարդակներ նուաճելու եւ զօրանալու՝ մեր ազգային խոր արմատներով եւ համամարդկային բարձր արժէքներով: Unstoppable YOU! our exceptional scholars. Some days, you might feel strong; some days, you might feel tired, but you must keep trying every day. YOU ARE THE UNSTOPPABLE HOPE OF PILIBOS! Unstoppable YOU! Օur courageous eagle athletes. Some days, you win; other times, you lose. YOU ARE THE UNSTOPPABLE CHAMPIONS OF PILIBOS!»։



Յայտագիրի աւարտին, բարձր հաղորդականութեամբ հոգեւոր իր պատգամը փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան՝ դրուատելով «Փիլիպոս»ի տասնամեակներու նուիրումը յաջորդական սերունդներու, առաւել փայլուն հորիզոններու նուաճում մաղթելով եւ շեշտելով «Փիլիպոս»ի նուիրեալ դաստիարակներուն եւ անոնց հանդէպ խոր հաւատք ընծայած ծնողներուն պատրաստակամութիւնը եւ համայնքիս ղեկավարութեան նեցուկը եւ գուրգուրանքը:
Գոհունակութեամբ եւ խանդավառ տրամադրութեամբ, դաստիարակներու առաջնորդութեամբ՝ աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները:
2024-2025 կրթական տարեշրջանդ շնորհաւո՛ր մեր բոլորին սիրելի 55ամեայ եւ տակաւ «Անկասելի»՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային մեր վարժարան:

