Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 28 Օգոստոսին իրենց ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան, միտքեր փոխանակեցին Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ երթեւեկի միջանցք մը բանալու շուրջ:
Քրեմլինէն աւելի կանուխ հաղորդած էին, որ զրոյցին ընթացքին «առաջնորդները գոհունակութիւն յայտնեցին վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումին յաջող արդիւնքներուն համար»: