

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի օրհնութեամբ՝ Արցախի թեմը կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնին:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով: Այնուհետեւ հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ հնչեց Տէրունական աղօթքը:
Արցախի թեմի գրասենեակի պատասխանատու Մելանեա Բալայեան իր սրտի խօսքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլորը:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթով հանդէս եկան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:


Ներկայ էր նաեւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ իր խօսքին աւարտին շուիով նուագեց Արցախի Հորովելը, որուն ստեղծած մթնոլորտին մէջ ներկաները պահ մը մտովի տեղափոխուեցան դէպի Արցախի բարձրադիր լեռները:
Ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցան «Դիզակ Արտ» կեդրոնի սաները:
Աւարտին, Վրթանէս սրբազանը իր ամփոփիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։ Ան յորդորեց միասնական եւ անկոտրում ըլլալ, որպէսզի դարձեալ կարենանք Արցախի մէջ նշել Անկախութեան հռչակման տօնը: