Յատուկ յանձնարարութիւններով նախկին դեսպան Էդմոն Մարուքեան «Խաղաղութեան պայմանագիր»ի կէտերուն շուրջ ծաւալող քննարկումներուն վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեց:
«Թելեկրամ»ի իր ալիքին վրայ զետեղուած վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ Մարուքեան կ՛ըսէ հետեւեալը. «Քանի դեռ ամէն ինչ համաձայնեցուած չէ, ուրեմն ոչինչ համաձայնեցուած չէ: Այս սկզբունքը դիւանագիտութեան ու բանակցային գործընթացի հիմնարար սկզբունք է: Ելնելով այս սկզբունքից՝ մենք չենք կարող «Խաղաղութեան պայմանագրի» 17 յօդուածներից 13ը համարել համաձայնեցուած եւ այդ յօդուածներով որեւէ բան ստորագրել, առաւել եւս դրա անունը դնել «Խաղաղութեան պայմանագիր» եւ յոյս ունենալ, որ մնացած յօդուածներն էլ ապագայում կը համաձայնեցուեն: Դա ծուղակ է, դա ցանկալին որպէս իրականութիւն տեսնելու հերթական սխալն է»: