Երեք իսրայէլացի սահմանապահներ սպաննուեցան, երբ Յորդանանի եւ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Ափին միջեւ «Ալենպի» անցակէտին վրայ յարձակում մը տեղի ունեցաւ: Իսրայէլացի զինուորներու կողմէ սպաննուեցաւ նաեւ գործողութեան հեղինակը` բեռնակառքի յորդանանցի վարորդը:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ ըստ նախնական տեղեկութիւններու, յորդանանցի վարորդը Յորդանանէն հասած է անցակէտը` մաքսանենգելով փոքր ատրճանակ մը, որուն միջոցով կրակ բացաւ իսրայէլացիներուն վրայ:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաստատեց, որ սպաննուած իսրայէլացիները ապահովական մարմիններու անդամներ էին:
Պաղեստինեան շարք մը շարժումներ հրապարակեցին գործողութիւնը ողջունող հաղորդագրութիւններ:
«Ասիկա դժուար օր է, եւ մենք շրջապատուած ենք գաղափարախօսութեամբ մը, որ կը փառաբանէ սպանութիւնը եւ ղեկավարուած է իրանեան չարիքի առանցքին կողմէ: Մենք շրջապատուած ենք ոճրագործներով, որոնք բոլորն ալ կ՛ուզեն մեզ սպաննել: «Համաս» շարժումին նպատակը մեր մէջ պառակտում յառաջացնելն է, ինչպէս նաեւ առեւանգուածներու ընտանիքներուն վրայ հոգեբանական պատերազմ շղթայազերծել եւ ներքին ճնշումներ բանեցնել», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու՝ աւելցնելով. «Մենք յանձնառու ենք պատերազմի նպատակներու իրագործման, «Համաս»ի ոչնչացման, գերիներու տունդարձին եւ երաշխաւորելուն, որ Կազան այլեւս սպառնալիք չներկայացնէ»: