
«Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ոեւէ մէկը հիմք չունի Հայաստանը մեղադրելու՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները չկատարելու մէջ:
«Եռակողմ յայտարարութեան եօթերորդ կէտը փաստում է. «Ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները վերադառնում են Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ` ՄԱԿի փախստականների հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ»: Ինչպէս տեսնում էք, 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ից յետոյ, երբ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը, Ադրբեջանի նախագահը եւ ես այդ փաստաթուղթը ստորագրեցինք, ոչ միայն այդ պահին Լեռնային Ղարաբաղն ու յարակից տարածքները լքած հայ փախստականները չեն վերադարձել, այլեւ ուղիղ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած էթնիկ (ցեղային) զտումների հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղն ամբողջութեամբ հայաթափուել է», մանրամասնեց Փաշինեան:
Ան մէջբերեց նաեւ եռակողմ յայտարարութեան ութերորդ կէտը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Իրականացւում են ռազմագերիների, պատանդների եւ այլ պահուող անձանց, ինչպէս նաեւ զոհուածների մարմինների փոխանակում»: Ան արձանագրեց՝ ըսելով, որ մինչեւ այսօր Ատրպէյճանի մէջ կան հայ ռազմագերիներ, պատանդներ եւ այլ պահուող անձեր, որոնք տակաւին չեն վերադարձուած: «Սա դրոյթ է, որը նոյնպէս կայ Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, եւ որն, ինչպէս տեսնում էք, չի կատարուել: Որեւէ գործընկեր հիմք չունի Հայաստանին մեղադրելու 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ չիրականացնելու մէջ: Ինչպէս տեսնում էք, Հայաստանն ու միջազգային ցանկացած անկախ եւ օբյեկտիւ (առարկայական մօտեցում ունեցող) դիտորդ ունի հիմքեր` ասելու, որ եռակողմ յայտարարութեան մեր միւս գործընկերները առնուազն ամբողջութեամբ չեն իրականացրել իրենց պարտաւորութիւնները», ըսաւ Փաշինեան։
Նոյն միջազգային համաժողովին ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութիւնը ոչ միայն կարելի է, այլ արդէն իրատեսական է:
Անդրադառնալով խաղաղութեան բանակցութիւններուն` ան նախ վերահաստատեց, որ համաձայնագիրին 80 տոկոսը համաձայնեցուած է, ապա պարզաբանեց՝ ըսելով. «13 յօդուածներ եւ նախագծի նախաբանն ամբողջութեամբ համաձայնեցուած են, եւս երեք յօդուածներ, որոնք բաղկացած են հիմնականում երկու նախադասութիւնից, մասնակի համաձայնեցուած են, այդ յօդուածների նախադասութիւններից մէկը համաձայնեցուած է, միւսը` համաձայնեցուած չէ»:
Փաշինեան նախադասութիւններուն բովանդակութիւնը չբացայայտեց. ան միայն նշեց, որ Երեւան կ՛առաջարկէ ստորագրել համաձայնեցուած դրոյթները, ունենալ հիմնարար փաստաթուղթ մը, որմէ ետք շարունակել քննարկումներ մնացած հարցերուն վերաբերեալ:
Փաշինեան ըսաւ, որ խաղաղութեան պայմանագիրին համաձայնեցուած յօդուածներէն մէկուն մէջ նախատեսուած է դրոյթ մը, որ Երեւանին եւ Պաքուին կարելիութիւն պիտի տայ միացեալ գործիքակազմերու միջոցով քննարկումները շարունակելու` նշելով, որ խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցուած մասին մէջ կը նախատեսուի այլ դրոյթ մը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ:
Փաշինեան վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը ստորագրելու համաձայնեցուած դրոյթները «առաջիկայ հնարաւոր ժամկէտում»:
ԸՍՏ ՊԱՔՈԻ՝ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽԵՂԱԹԻՒՐԷ
Փաշինեանի յայտարարութիւնները թէ՛ Խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին եւ թէ ընդհանրապէս 10 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան վերաբերեալ իրականութեան խեղաթիւրում են, յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ։
Ան անընդունելի նկատեց Հայաստանի պաշտօնատարներուն կոչը` ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը` չհամաձայնեցուած դրոյթներուն վերացումով:
«Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ ձեւով հայկական կողմը մտադիր է ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը, հիմնական պայմանը դադրեցումն է Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւններուն, որոնք ամրագրուած են անոր բազմաթիւ իրաւական եւ քաղաքական փաստաթուղթերուն, առաջին հերթին՝ Սահմանադրութեան մէջ», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Եռակողմ յայտարարութեան 9րդ կէտին մէջ յստակօրէն նշուած է, թէ ի՛նչ պարտաւորութիւններ կը կրէ Հայաստան եւ ինչպէ՛ս պիտի կազմակերպուի վերահսկողութիւնը երթեւեկի հաղորդակցութիւններուն նկատմամբ»։