Ռազմագերիներու վերադարձի հարցին մէջ Ատրպէյճան պարտաւորութիւն չունի ազատ արձակելու «ռազմական յանցագործները եւ անջատողական վարչակարգին ներկայացուցիչները», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
«Ատրպէյճան, հաւատարիմ մնալով մարդասիրութեան սկզբունքին՝ Հայաստանին փոխանցած է բոլոր ռազմագերիները, սակայն, անոնք (ռազմագերիները) զանգուածային ձերբակալութիւններու եւ հետապնդումներու ենթարկուած են հայկական պետութեան կողմէ, բան մը, որ յատուկ զարմանք կը յառաջացնէ այդ պետութեան կողմէ իր քաղաքացիներուն հանդէպ «հոգատարութեան» շրջագիծին մէջ», յայտնեց Հաճիզատէ։