10 Սեպտեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մոհամետ Հասան Շէյխոլիսլամին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմ օրակարգի եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախարար Միրզոյեան ողջունեց «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային ֆորումին իրանեան կողմին մասնակցութիւնը եւ միտքերու փոխանակումը:
Երկուստեք ընդգծուեցաւ երկու դրացի եւ բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան համահունչ` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային բնոյթի հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ յարատեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ներդրուող ջանքերուն, եւ այս պարունակին մէջ Միրզոյեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին:
Տարածաշրջանային երթեւեկի եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ծիրին մէջ շեշտուեցաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրի հայեցակարգի հիմք հանդիսացող սկզբունքներուն, մասնաւորապէս տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան անվերապահ յարգումին հրամայականը, որուն գծով Միրզոյեան իրանեան կողմին հաստատուն դիրքորոշումը բարձր գնահատեց։