Ըստ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 20րդ յօդուածի Ա. մասին` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ քառորդին պահանջով բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած Արցախի ժողովուրդի կենսագործունէութեան կազմակերպման պայմանները ուսումնասիրելու նպատակով իրաւունքի ուժով կազմուեցաւ Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով մը:
Ըստ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 20րդ յօդուածի 6րդ մասին՝ քննիչ յանձնաժողովի անդամներու թիւը սահմանող Ազգային ժողովի որոշումի նախագիծը պիտի քննարկուի Ազգային ժողովի հերթական նիստին: