
Պուտափեշթի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի 45րդ միջազգային Ողիմպիականը:
Հնդկաստանի տղաքը (21 կէտեր) եւ կանայք (19 կէտեր) դարձան ախոյեաններ, մինչ Հայաստանի տղաքը գրաւեցին 6րդ դիրքը, իսկ կանայք` 5րդ դիրքը:
Տղաքը իրենց վերջին մրցումին 2․5-1․5 արդիւնքով յաղթեցին Իրանին, հաւաքելով 17 կէտեր։ Նոյնքան կէտեր հաւաքեցին նաեւ Միացեալ Նահանգները, Իւզպէքիստան, Չինաստան եւ Սերպիա, որոնք գրաւեցին 2էն 5րդ դիրքերը:
Կանանց հաւաքականը վերջին հանգրուանին պարտութեան մատնեց Գերմանիան` 3-1 արդիւնքով եւ 17 կէտերով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 5րդ դիրքը: 2րդ դիրքը գրաւեց Ղազախստան (18 կէտեր), իսկ Միացեալ Նահանգները գրաւեց 3րդ դիրքը` 17 կէտերով:
Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Էլինա Դանիէլեան եւ Աննա Սարգսեան անհատական խաղատախտակներուն վրայ պրոնզ մետալներ շահեցան:
Դանիէլեան 10 կարելի կէտերէն 7․5 կէտեր ձեռք ձգեց եւ 3րդ խաղատախտակին վրայ նուաճեց պրոնզ մետալ մը: Աննա Սարգսեան 10 կարելի կէտերէն 8 կէտեր ձեռք ձգեց եւ պրոնզ մետալ շահեցաւ 4րդ խաղատախտակին վրայ: