ԱՅԼ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆՈՒԱԶՆ 37 ԶՈՀԵՐ ԽԼԵՑԻՆ
Իսրայէլ Ուրբաթի օր ռմբակոծեց եւ ինքնաշարժներու համար անանցանելի դարձուց Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Մասնայի անցքը, ուրկէ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին մօտաւորապէս 300,000 անձեր, գլխաւորաբար սուրիացիներ, Սուրիա ապաստանած էին։
Իսրայէլեան բանակի բանբերը պնդեց, որ «Հըզպալլա»ն Մասնաայի անցակէտը կ՛օգտագործէ` մարտական միջոցներ Լիբանան մտցնելու համար:
Իսրայէլեան օդուժը Ուրբաթ օր շարունակեց ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը եւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները, սպաննելով առնուազն 37 անձեր։
Ըստ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան՝ զոհերու ընդհանուր թիւը 200ի սահմանը անցած է։
Հինգշաբթի օր, Իսրայէլ նաեւ ռմբակոծեց Պէյրութի Պաշուրա շրջանին մէջ գտնուող շէնք մը, ուր կը գտնուէր Հաւատարմութեան դիմադրութեան երեսփոխանական խմբակի երեսփոխան Ամիր Շըրիի գրասենեակը: Ան այդ պահուն շէնքին մէջ չէր: Պաշուրայի վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 9 զոհեր եւ 14 վիրաւորներ:
«Հըզպալլա»ն շարունակեց ռմբակոծել իսրայէլեան բանակային դիրքեր, հաղորդելով, որ յաջողած է ուղղակի հարուածներ հասցուցել անոնց:
«Հըզպալլա»ն նաեւ յարձակեցաւ Լիբանան ներթափանցած կամ ներթափանցել փորձող իսրայէլեան ուժերու վրայ, «պատճառելով մեծ կորուստներ»:
«Հինգշաբթի օր, հիւսիսի մէջ վտանգաւոր եւ արտասովոր դէպք մը տեղի ունեցաւ: Ուղղաթիռներ կը շտապեն դէպի Լիբանանի հետ սահմանին վրայ բախումներու շրջանը: «Զինուորական ուղղաթիռներ «Կոլանի» զօրամասէն ուժի մը դէմ ականի պայթումէն ետք զինուորներ եւ սպաներ կը փոխադրեն», հաղորդեցին իսրայէլեան լրատուամիջոցներ:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»ը տեղեկացուց, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները Ուաշինկթընը հաւաստիացուցած են, թէ անհրաժեշտ չեն համարեր Իրանի դէմ անյապաղ յարձակում մը իրականացնել՝ իբրեւ պատասխան անոր վերջին հրթիռային հարուածներուն։ Ամերիկա եւ Եւրոպա մտահոգ են, որ Իսրայէլ կրնայ յարձակիլ Իրանի տնտեսական թիրախներու վրայ, իսկ Թեհրան ազդարարած է, թէ ուժանիւթի ոլորտի կառոյցներուն վրայ յարձակումը իրեն համար կարմիր գիծ է։ Թերթը կը գրէ, որ Ամերիկա Իսրայէլի իշխանութիւնները համոզած է, որ հաւասարակշռուած պատասխան մը տայ Իրանին, սակայն, Եւրոպա անհանգիստ է, որ Ամերիկա կրնայ բաւական ճնշում չգործադրել Իսրայէլի վրայ։
Նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած էր, որ չի սատարեր Իրանի հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակումին։