
Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, շուրջ 600 պաշտօնատարներ, հիւրեր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ներկայ եղան «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին, որ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները եւ հաստատութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ, նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Արցախի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու կենսական կարեւորութիւնը։


Ձեռնարկին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Սիւզի Ծերունեան Գազանճեան, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան բեմ բարձրանալով՝ փոխանցեց տպաւորիչ պատգամ մը։
«Այս երեկոն միասնականութեան, դիմադրողականութեան եւ հայութեան արդար իրաւունքները պաշտպանելու մեր բոլորին ջանքերուն նուիրուած է», յայտնեց Յարութիւնեան։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան, որ յոյժ կարեւոր նկատեց մեր նախնիներէն քաջութեան եւ տեսլական ունենալու դասեր ստանալը եւ անոնցմով քաջալերուիլը։


Ներկայ պաշտօնատարներուն շարքին էին Քալիֆորնիոյ գանձապետ Ֆիոնա Մա, քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմըն, Տինա Թայթըս եւ Աննա Էշու, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Պենճըմըն Էլըն եւ Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի պատուոյ նախագահ Փօլ Գրիգորեան եւ խորհուրդի անդամ Ճան Լի։
Ձեռնարկին ընթացքին, Հայ Դատի «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հայազգի քոնկրեսական Աննա Էշուին, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Հայկական Հարցին անոր մատուցած երկար տարիներու սպասարկութիւններուն։ Էշու վերջերս յայտարարեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ մօտաւորապէս երեք տասնամեակներ ծառայելէ ետք՝ որոշած է հանգստեան կոչուիլ։ Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2022ին, Էշու մաս կազմած էր քոնկրեսական այն բարձրաստիճան պատուիրակութեան, որ Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումներուն ենթարկուած Արցախին եւ Հայաստանին նեցուկ կանգնելու նպատակով Երեւան այցելած էր։


Մրցանակը յանձնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Արամ Սարգիսեան։
Քոնկրեսական Էշու շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար եւ անդրադարձաւ վերջին 32 տարիներուն Հայ Դատին հետ համագործակցաբար Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքին։
Նաեւ, «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը յանձնուեցաւ քոնկրեսական Տինա Թայթըսին, Հայկական Հարցին նեցուկ կանգնելու իր երկար տարիներու աննկուն կեցուածքին համար։ Առաւել քան 13 տարիներու ընթացքին Նեւատան ներկայացնող քոնկրեսականը տարբեր առիթներով զօրակցած է հայութեան, Հայաստանին եւ Արցախին, ինչպէս նաեւ նպաստած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն։


Մրցանակը յանձնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լենա Յովհաննէսեան։
Քոնկրեսական Թայթըս եւս երախտագիտութիւն յայտնեց այս մրցանակին համար եւ խոստացաւ Հայ Դատին հետ գործակցելով՝ նպաստել հայութեան եւ Պաքուն պատասխանատուութեան կանչել։
Այնուհետեւ, «Համաշխարհային Կրթական Գերազանցութիւն» մրցանակը շնորհուեցաւ ճարտարագէտ, նորարար, ձեռնարկատէր եւ բարերար Սեմ Սիմոնեանին, որ նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիրն է եւ ՀԲԸՄի նախագահը։ ԹՈՒՄՕի Հայաստանի եւ աշխարհի տարածքին գործող կեդրոններուն մէջ, տասնեակ հազարաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ ձրի դասընթացքներու կը հետեւին արդի արհեստագիտութեան զանազան մարզերու մէջ։


Մրցանակը յանձնեց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական ընտրութիւններուն թեկնածու Ատրին Նազարեան։
Սիմոնեան իր եւ ԹՈՒՄՕի յաջողութեան մէջ ներդրում ունեցողներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար եւ շեշտեց կրթութեան կարեւորութիւնը։
Ապա, Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով Գործիչ» մրցանակները յանձնուեցան համացանցի ընկերային ցանցերու միջոցաւ հայանպաստ լրատուութիւն կատարող եւ հայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն կատարող երեք լրատուամիջոցներու՝ 301ին, The Armenian Report-ին եւ Zartonk Media-ին։


Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Ֆաքս 11» կայանի «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ.» յայտագիրի հռչակաւոր հաղորդավար եւ «Էմի» մրցանակին արժանացած լրագրող Արաքսիա Կարապետեան յանձնեց մրցանակները։
Երեկոյին ամէնէն զգայացուց պահը «Մարդկային Իրաւանց Ախոյեան» մրցանակին ներկայացումն էր ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանին, որուն հետ ապօրինի կերպով բանտարկուած կը մնան Արցախի շարք մը այլ ղեկավարներ։ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու համար տարած իր գործունէութեան համար մեծարուող Վարդանեանի զաւակը՝ Դաւիթը, պատգամ մը յղած էր ձեռնարկին մասնակցողներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։


Մրցանակը յանձնեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ իրաւաբան Արմէն Յովհաննէսեան։
Նաեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի լրատուութիւնը համակարգող Էտուըրտ Պարսումեան, համայնքային գործունէութիւնը համակարգող Կարէն Ճինպաշեան եւ կառավարական հարցերու վարիչ Ռուբէն Կարապետեան յատուկ վկայագիրներ յանձնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցողներուն։


Աւարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին եւ զօրակցողներուն, անոնց՝ իր գործունէութեան նեցուկ կանգնելնուն համար։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.ancawr.org կայքը։
