22 Հոկտեմբերին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Էջմիածինի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական դատարանի (ICC) նախկին նախագահ Սիլվիա Ալեխանտրա Ֆերնանտեզ տէ Կուրմենտին:
Կաթողիկոսը ներկայացուց տարածաշրջանին կացութիւնը` մտահոգութեամբ արձանագրելով, որ Ատրպէյճան ուժի կիրարկումով, սպառնալիքի գործադրութեամբ եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներով կը շարունակէ իր ծաւալապաշտական նկրտումները եւ Հայաստանին նոր պահանջներ կը ներկայացնէ:
Այս ծիրին մէջ, Գարեգին Բ. անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացած ապահովական հիմնահարցերուն` կարեւոր նկատելով միջազգային զանազան իրաւական կառոյցներու գործուն քայլեր ձեռնարկելը Հայաստանի եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, մինչ օրս Պաքուի մէջ պահուող գերիներու վերադարձի, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղասպան գործողութիւններու դատապարտման ուղղութեամբ:
Վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տէ Կուրմենտի արդարադատութեան ոլորտին մէջ ներդրած ջանքերուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:
Զրոյցին ընթացքին, տէ Կուրմենտի տեղեկացուց, որ իր այցելութեան նպատակը Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելն է միջազգային քրէական իրաւունքի եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ քննարկելու Միջազգային քրէական դատարանին հետ արդիւնաւէտ գործակցութեան ընդլայնումը:
Ասոր զուգահեռ, Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քհնյ. Արթենեան յայտարարեց, որ Գարեգին Բ. Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք համաշխարհային կրօնական առաջնորդներու վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէր չէ ստացած։
5-էն 7 Նոյեմբերին, Կովկասի իսլամական գրասենեակը PreCOP միջոցառումի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպէ համաշխարհային կրօնական առաջնորդներու վեհաժողովը՝ շուրջ 200 կրօնաւորներու, գործիչներու եւ գիտնականներու մասնակցութեամբ. նախատեսուած է նաեւ անոնց այցելութիւնը բռնագրաւուած Արցախ։