ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդկութեան միջավայրը այնքան խճողուած է որ ո՛չ ոք ժամանա՛կ ալ չունի բաժանման գիծերը վերատեսութեան ենթարկելու, յարաբերութեան սահմաններ գծելու եւ զգուշաւորութիւն յանձն առնելու: Առօրեայ զբաղումը, կեանքի մէջ գոյատեւելու պայմանները իրենք իսկ արգելք են, որ մարդիկ ճշմարտութիւնը հետապնդեն, եւ իրենց սովորական կեանքի զբաղումներէն շատ բան զոհելով, միայն ուրիշներուն կեանքով կամ առօրեայով զբաղին:
Կան ազնիւ բնաւորութեամբ մարդիկ, որոնցմէ շատերը ծնած վայրկեանէն իսկ ազնիւ եղած են նայուածքով, շարժումներով, ապա ծնողներուն կողմէ ազնուութեամբ դաստիարակուելով, բոլորին նկատմամբ ազնուութիւն ցուցաբերած են եւ շատ քաղաքավարօրէն վարուած:
Բոլորին հետ զգուշաւորութեամբ վարուողները զգայուն արարածներ կ՛ըլլան: Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ՛ քաղաքավարօրէն վարուիլ եւ թէ ուրիշներու անքաղաքավար վերաբերումին ուշադրութիւն դարձնել: Բոլորս ալ գիտենք հրաւէր ստանալու պատիւը, կամ նուազագոյն յարգանքը, զոր կը ցուցաբերեն մարդիկ: Սակայն կան անձեր, որոնք բոլոր մարդոցմէ հրաւիրուիլ կը սպասեն, եւ երբ լսեն, որ այս կամ այն ծանօթ անձին կազմակերպած հաւաքոյթին չեն հրաւիրուած, շա՜տ կը վիրաւորուին: Ազնիւ բնաւորութեամբ եւ մեր նկատմամբ միշտ յարգալից եղած անձերուն հետ մեր ունեցած կապերուն մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել: Չմոռնանք ըսելու, որ որոշ անձեր լուռ կը տառապին: Դարձեալ չմոռնանք, որ եթէ սիրտը սէր կը պահանջէ եւ միտքը յաջողութիւն, հոգին խաղաղութեան եւ լռութեան կողմնակից է միշտ:
Ընկերային կեանքի ընթացքին սխալ շրջապատի մէջ գտնուիլը արմատական վնաս մըն է, որովհետեւ երբեմն անարժէք անձ մը կը դառնաս, քեզի շատ ծանօթ անձերու կողմէ: Շատեր յաջողած են փոխել իրենց միջավայրը եւ հեռանալ սովորական աշխատատեղիէն: Պատահած է, որ այդպիսի «արկածախնդիրներ» յաջողած են իրենց առաքելութեան մէջ, փրկուելով իրենց ամէնօրեայ հակառակորդներէն եւ նախանձող անձնաւորութիւններէն:
Անթերի եւ կեանքի ընթացքին անսխալական մարդու կարելի չէ հանդիպիլ: Բոլոր ապրողները սխալական են, եւ մինչեւ իրենց մահուան ժամը հասնիլը, կրնան սխալ քայլի մը դիմել, կամ նոյնիսկ մէկու մը մասին սխալ արտայայտութիւն մը ունենալ:
Ճշմարտութեան խոստովանութիւնը միակ կացութիւնն է, երբ ճշմարտախօսը եւ ստախօսը անսահման տարածութեամբ հեռաւորութեան վրայ կը կանգնին: Մէկուն քաջութիւնը, իսկ միւսին վախկոտութիւնը պարիսպներ են, որոնք տարբեր բերդերու մէջ կը կանգնեցնեն զանոնք, դատարանին կողմէ հարցաքննութեան պահուն: Սակայն, ճշմարտախօսը միշտ ճշմարտութիւնը չի՛ յայտներ, որովհետեւ անիկա կրնայ վտանգաւոր կացութեան մէջ դնել այն զոհը, որ կրնայ դարձեալ յարձակման ենթարկուիլ, իր դրութիւնը ճշմարտախօս վկային յայտնած ըլլալուն համար: Այո՛, դատապարտեալը իր պատիժին կ՛արժանանայ, սակայն անոր հետեւորդները եւ հարազատները կրնան վրէժ լուծել, եւ նոյնիսկ ճշմարտախօսը պատժել…։ Ուրեմն, ճշմարտութիւնը յայտարարելը կախում ունի տուեալ հանգամանքներէն: Անիկա կրնայ նոր կռիւի առիթ հանդիսանալ եւ վատ հետեւանքներու պատճառ:
Ճշմարտախօսութիւնը քաջութիւն է, երբ ճշմարտութիւնը կ՛ըսուի արդարութեան կամ բարոյականութեան հիման վրայ, առանց նկատի ունենալու այն դժուարութիւնը, որուն վնասները պիտի կրէ զայն բացայայտողը: Չմոռնանք նաեւ, որ ճշմարտախօսութիւնը, զայն խօսողին վստահելիութիւնը կը բազմապատկէ: Ճշմարտախօսութիւնը նաեւ անկեղծ յարաբերութիւններու բանալին է: Անոր անմիջապէս կ՛ընկերանայ արդարութիւնը, որ այս աշխարհը հաւասարակշռող իրականութիւնն է: Հոն ուր արդարութիւն չկայ, սուտը եւ կեղծիքը, խաբեբայութիւնն ու պատերազմի փոքր եւ տարածուն ձեւերը տարածքներ կը գրաւեն ու իրենց արքայական աթոռները կը տեղաւորեն:
Ճշմարտախօսութիւնը, զայն խօսող անձին ինքնադաստիարակութեան նպաստող քայլ մը ունի: Յաճախ ճշմարտախօս ըլլալը, անձին ներքին սխալները խոշորացոյցի տակ բերելու մտային ինքնազարգացման կը վերածուի: Ուրիշներու սխալները բացայայտելու աշխատանքէն բացին, սոյն ներքին «գործը» ինքնադաստիարակութեան սքանչելի առիթ մըն է: Երանի՜ անոր, որ միայն ուրիշներու սուտերը հրապարակելու աշխատանքին լծուած բարի ճշմարտախօս մը չէ, այլ իր ներքին սխալներուն համար եւս ինքնասրբագրման ճիգ թափող ճշմարտախօս մը:
Ճշմարտախօսութիւնը կրնայ զգացումներու վնաս յառաջացնել: «Ինչո՞ւ յայտնեցի», «ինչո՞ւ պախարակեցի», «ինչո՞ւ իմ վկայութեամբ բանտ ուղարկեցի զինք». ահաւասիկ միայն քանի մը հարցումներ, որոնք կրնան նոյնիսկ հոգեկան ցաւ եւ անքնութիւն պատճառել ճշմարտախօս անձին: Նոյն անձը կրնայ նաեւ նոյն տագնապին միւս երեսը կրել, երբ ճշմարտութիւնը իմանալով հանդերձ, չի հրապարակեր զայն…։ Ճշմարտութիւնը չյայտարարելը կրնայ պահպանել «խաղաղութիւնը»: Ամբողջական չէ յիշուած այս «խաղաղութեան» խաղաղութիւն ըլլալը, որովհետեւ լռութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ նոր վայրէջքներու, կամ նոր վնասներու, որոնք անմեղ անձերը պիտի կրեն ընկերութեան կեանքին մէջ:
Ճշմարտախօսութիւնը շատ օգտակար է, սակայն զայն ի գործ դնողը պէտք է իմաստութեամբ շարժի, ամէնէն նուրբ մօտեցումը ցուցաբերելով իր պաշտպանեալին եւ ընդհանրապէս ընդհանուր կացութեան նկատմամբ: Ինչքան ալ բացայայտած ըլլայ ճշմարտութիւնը, անիկա պէտք է պահպանէ գործին հետեւողականութիւնը: Տեսնուած են անձեր, որոնք մէկ անգամ իրենց ըսելիքը յայտնելով՝ կ՛անհետանան հրապարակէն: Այդպիսի վկաներուն տուած վկայութիւնը կասկածի դռներ կը բանայ, եւ տեղի ունեցող դատական ընթացքը առկախ կը պահէ: Անոնց կատարած աշխատանքին շարունակականութիւնն է, որ վստահութեամբ կը լեցնէ արդար անձին սիրտը եւ հոգին:
Ճշմարտախօսութիւնը այնպիսի քաջութիւն մըն է, որ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ կ՛օժտէ ենթական: Անոնց պարագային, անցեալը իրենց յիշողութեան մէջ միշտ վառ կը մնայ, իսկ ներկան իրենց ձեռքերուն մէջ արդարութեան գաւազանին ուժգնութիւնը կ՛ունենայ:
Կեղծիքը, կեանքի տխուր երեւոյթներէն մէկն է, որ շատերուն կեանքը աւերակի վերածած է: Ճշմարտախօս անձը այս ժխտական ու դժբախտ երեւոյթէն շատ հեռու բնակութիւն հաստատած մարդ է: Այդպիսի որոշում մը տալու համար, ճշմարտախօս անձը օժտուած կ՛ըլլայ նաեւ իմաստութեամբ:
Քաջ յիշողութեան աղբիւրը՝ ճշմարտախօսութիւնն է, այլապէս բոլոր վկաները նոյն վկայութիւնը չեն կրնար տալ: Ճշմարտութիւնը մէկ է, եւ ո՛չ թէ տեսակաւոր: Իրենց կեանքը սուտի, խաբեբայութեան եւ այլանդակութեան սահմաններուն մէջ տարուբերող անձերը միշտ պիտի շարունակեն տկարանալ, որովհետեւ մարդկային ուղեղը զօրաւոր պահող, եւ հասարակական կեանքին մէջ ենթակային զօրավիգ կանգնող ոյժը՝ ճշմարտախօսութիւնն է. փորձէ՛…