«Հետք»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի մօտ Ֆրանսիայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի յայտնեց, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է արտօնել հայերուն Արցախ վերադարձը:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ: Ասիկա չի նշանակեր, որ Եւրոպական Միութեան միջնորդութիւնը դադրած է: Եւրոպական Միութիւնը տակաւին իր ծառայութիւնները կ՛առաջարկէ երկու կողմերուն: Ըստ իմ ունեցած տեղեկութեան` Հայաստան չէ մերժած Եւրոպական Միութեան առաջարկը: Եւ, անշուշտ, եթէ ակնարկ մը նետենք բանակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն վրայ, ամէնէն կարեւոր եւ արդիւնաւէտ քայլերը իրականացուած են Եւրոպական Միութեան միջնորդութեան շնորհիւ, յատկապէս, երբ կողմերը հանդիպեցան Փրակի մէջ Հոկտեմբեր 2022ին` Եւրոպական Միութեան եւ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, երբ կողմերը վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը Ալմա Աթայի հռչակագիրին, որ առանցքային է արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար», ըսաւ Տըքոթինյի՝ աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու անհրաժեշտութիւնը հրատապ է: Անընդհատ յայտարարուած է, նաեւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ, որ համաձայնագիրին մեծ մասը արդէն համաձայնեցուած է: Հայաստանի վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է ստորագրել այն, ինչը արդէն համաձայնեցուած է` իբրեւ համաձայնագիրի հիմք, հետագային քննարկումներ կրնան կատարուիլ չլուծուած հարցերուն շուրջ: Ատրպէյճան յատուկ պատասխանատուութիւն ունի, յատկապէս, որ իբրեւ ՔՈՓ 29-ի կազմակերպիչ իր վրայ կը սեւեռէ միջազգային ուշադրութիւնը, ինչ որ անոնց համար յատուկ միջազգային պարտաւորութիւններ կը յառաջացնէ: Այս փուլին, անոնց հիմնական պատասխանատուութիւնը` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելն է»։