


Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանիներու եւ երիտասարդներու հաւաքականները յաջող ելոյթներ կ՛ունենան Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող 20 տարեկանէն եւ 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն։
Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեան դարձաւ աղջիկներու հաւաքականի անդամ Ալեքսանտրա Գրիգորեան (55 քկ.), երկամարտի 200 քկ. կշիռքի արդիւնքով։ Գրիգորեան «արաշէ» մրցումներուն կրցաւ 81 եւ 85 քկ. կշիռքներ յաջողութեամբ բարձրացնել։ Ան «էփոլէ ժըթէ»ի մրցումներուն յաջողեցաւ 105 քկ. եւ 115 քկ. բարձրացնել։
Պատանիներու 55 քկ. կշիռքի մրցումներուն, Ժորա Գրիգորեան եւս ոսկի մետալ նուաճեց՝ երկամարտին 233 քկ. Ծանրութիւն բարձրացնելով։ Ան «արաշէ» մրցումներուն բարձրացուց 103 քկ., իսկ «էփոլէ ժըթէ»ի մրցումներուն յաջողութեամբ բարձրացուց 133 քկ. Ծանրութիւն։
Նոյն կշիռքով հանդէս եկած Հայաստանի միւս ներկայացուցիչն էր Սէյրան Խոստանեան, որ երկամարտի 224 քկ. կշիռքի արդիւնքով գրաւեց 5րդ դիրքը։
Պատանիներու 61 քկ. կշիռքի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Րաֆիկ Մինասեան երկամարտին 264 քկ. կշիռքի արդիւնքով դարձաւ արծաթէ մետալակիր։
23 տարեկանէն վար երիտասարդներու ախոյեան դարձաւ 61 քկ. ծանրութեամբ Գառնիկ Չոլագեան։ Ան երկամարտի 275 քկ. կշիռքի արդիւնքով դարձաւ ոսկի մետալակիր։
Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանեկան հաւաքականին կը մասնակցին նաեւ Աննա Ամրոյեան (76 քկ.), Էմմա Պօղոսեան եւ Ալինա Սուքիասեան (81 քկ.), Ճուլիեէթա Աւանէսեան (87 քիլոկրամէն վեր), Մերուժան Եղոյեան (61 քկ.), Սամուէլ Մարտիրոսեան (67 քկ.), Մարտին Պօղոսեան (73 քկ.), Նարեկ Մկրտչեան (81 քկ.), Վալերիկ Մովսիսեան (89 քկ.), Ալեքսանտր Լազարեան (102 քկ.) եւ Աշոտ Մովսիսեան (109 քիլոկրամէն վեր)։
Մինչեւ 23 տարեկաններու (երիտասարդներու) մրցումներուն կը մասնակցին Միլենա Խաչատրեան (81 քկ), Լիանա Քիւրքճեան եւ Մարարիթա Առաքելեան (87 քկ), Մերի Թումասեան (87 քիլոկրամէն վեր), Գոռ Սահակեան (73 քկ), Կարէն Մարգարեան (81 քկ), Մնացական Աբրահամեան եւ Սուրէն Գրիգորեան (89 քկ), Գէորգ Ղահրամանեան (96 քկ), Գարիկ Կարապետեան (109 քկ), Պետրոս Պետրոսեան եւ Եաշա Մինասեան (109 քիլոկրամէն վեր)։