«Հըզպալլա»ն Կիրակի օր ռմբակոծեց Աքքայի հիւսիսը գտնուող իսրայէլեան «Շարաղա» ռազմակայանը եւ սահմանագիծին մօտ զանազան վայրերու մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը, ինչպէս նաեւ շարք մը բնակեցման վայրեր:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Նահարիայի արեւելքը գտնուող Պեն Ամի բնակեցման վայրին մէջ 3 վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաստատեցին, որ հրթիռ մը ուղղակի հարուածեց Շումիրա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը:
Մինչ այդ, Շաբաթ գիշեր, Սուր գաւառի Տէյր Քանուն Ռասուլ Այն գիւղին մէջ, իսրայէլեան յարձակումի մը պատճառով 15 զոհեր արձանագրուեցան:
Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Նապաթիէ գաւառի Զաութար Ղարպիէ գիւղին վրայ, ինչպէս նաեւ Սահլ Սրհինի եւ Պաալպեք քաղաքին վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը այլ յարձակում մը գործեց Լեռնալիբանանի Ժիպէյլ գաւառի Ալմաթ գիւղին վրայ, ուր արձանագրուեցան 23 զոհեր, որոնց շարքին` 7 մանուկներ, եւ վիրաւորուեցան 6 անձեր:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակում մը գործեց Դամասկոսի գիւղական շրջանի Սայիտա Զէյնապ շրջանին վրայ` պատճառելով 9 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ: