
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի ընտրութիւններուն ընտրուած է իր աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը:
«Մենք չենք իջեցուցած մեր նշաձողը կամ զիջած մեր արժէքները: Խոստումներ չենք ընդունած, փոխարէնը պատասխանատուութիւն պահանջած ենք», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Ան ընդգծեց, որ թեկնածուները ընտրելու ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբը նկատի առած է Արցախի հարցով եւ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ անոնց դիրքորոշումները:
Միւս կողմէ, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումներուն՝ Համբարեան յայտնեց, թէ Թրամփի վարչակազմը փոփոխութիւն պիտի բերէ, սակայն, յայտնի չէ, թէ այդ մէկը դրական կամ բացասական պիտի ըլլայ:
«Անցեալ անգամ ան վարչակազմ բերաւ այնպիսի մարդոց, ինչպէս՝ Պոլթըն։ Անոնք շատ բացասական էին մեզի համար եւ իրականութեան մէջ օգնեցին հիմք ստեղծելու 2020ի ատրպէյճանական յարձակումին եւ, անշուշտ, ոչինչ ըրին յարձակումը կասեցնելու համար: Կը յուսանք, որ այս անգամ աւելի դրական ուղղութիւն կ՛որդեգրուի», ըսաւ Համբարեան:
Պատասխանելով ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ Արցախի մասին Թրամփի յայտարարութեան մասին հարցումին՝ Համբարեան ըսաւ․ «Զայն կարելի է խոստում կամ ապագայ գործողութիւններու յանձնառութիւն նկատել: Իբրեւ հայեր՝ մենք յաճախ տեսած ենք այսպիսի խաղեր եւ պարզապէս ապուշութիւն պիտի ըլլայ մտածել, որ քարոզարշաւին ընթացքին ըսուածը միշտ հաւասար է կատարուելիքին։ Բայց կարեւորը այն է, որ թեկնածուները այս անգամ զգացին, որ ամերիկահայ համայնքին ձայները ստանալը քաղաքական գին ունի եւ կրնայ քաղաքական օգուտներ բերել»: