Կառավարութեան առաջին նիստը բարի չէր տարածքային կառավարման նոր նախարարին համար: «Ազատութեան» համաձայն՝ պաշտօնին նշանակուելու առաջին օրն իսկ Դաւիթ Խուդաթեան խիստ զգուշացում ստացաւ վարչապետէն՝ Արմաւիրի մարզպետի պաշտօնին համար տուած ու չկատարած խոստումին համար:
«Ես զգուշացնում եմ՝ սրանից յետոյ եթէ մի հատ ժամկէտ խախտուեց, կոնկրէտ գալու է անձնական պատասխանատուութիւն: Որեւէ մէկն ինձ չասի մի հատ ժամկէտ, մի հատ տուեալ, որը ստուգուած, վերստուգուած չէ», նշեց Փաշինեան:
Նախարարի զեկուցման ընթացքին Փաշինեան պատահաբար նկատեց, որ Արմաւիրի մարզի Այգեւան համայնքին մէջ կառուցուած մանկապարտէզը դեռ շահագործման չէ յանձնուած, մինչդեռ մարզպետի պաշտօնը վարող Խուդաթեան իրեն վստահեցուցած էր՝ անիկա պէտք է գործեր դեռ Հոկտեմբերին: Նորանշանակ նախարարը փորձեց արդարանալ, թէ մանկապարտէզը տակաւին չի գործեր կազամատակարարման խնդիրներուն պատճառով, բայց վարչապետը չհամոզուեցաւ:
Կառավարութեան նախորդ նիստին եւս Փաշինեան, խօսելով Բայանդուրի չկառուցած ճամբուն մասին, դժգոհութիւն յայտնեց, որ իրեն բան մը կը ներկայացուի, բայց իրականութիւնը այլ է: Այս դժգոհութենէն ետք է, որ պաշտօնանկ եղաւ տարածքային կառավարման նախարար Գնել Սանոսեան, որուն մասին Փաշինեան ըսաւ, որ այսուհետեւ «կը կենտրոնանայ իշխող կուսակցութեան՝ «Քաղաքացիական Պայմանագրի» աշխատանքների վրայ»: