Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Եմէնի ծովափին մօտ նաւարկելուն ընթացքին թրքական ընկերութեան մը պատկանող եւ Փանամայի դրօշը բարձրացուցած «Անատոլու Էս.» բեռնատար նաւուն վրայ հուսիներու յարձակումը:
«Պէտք եղած քայլերը որդեգրուեցան երաշխաւորելու համար ապագային այսպիսի դէպքերու չկրկնուիլը», նշեց նախարարութիւնը:
Եմէնեան զինեալ ուժերը յայտարարեցին, որ իրենց ծովուժը Կարմիր ծովուն մէջ թեւաւոր ու ցամաք-ծով պատշաճ հրթիռներով թիրախաւորած է «Անատոլու Էս.» նաւը եւ զայն «ճշգրիտ եւ ուղղակի կերպով» հարուածած:
Եմէնեան զինեալ ուժերը նշեցին, որ այդ քայլին դիմած են, որովհետեւ նաւը անտեսած է ծովուժի զգուշացումները, իսկ նաւու սեփականատէր ընկերութիւնը խախտած է Իսրայէլի նաւահանգիստներ մուտք գործելը արգիլող եմէնեան զինեալ ուժերու որոշումը: