«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ գումարուած 3 Դեկտեմբերի նիստին ընթացքին որոշուեցաւ Յովիկ Աղազարեանը հեռացնել «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութենէն` «պետական եւ կուսակցական նշանակութեան կոնֆիդենցիալ (գաղտնի) տեղեկատուութեան արտահոսքերի, ինչպէս նաեւ հանրութեան բարոյական նորմերի (չափանիշներու) կոպիտ խախտումների պատճառով»:
4 Դեկտեմբերին, Յովիկ Աղազարեան Ազգային ժողովին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտնեց, որ դուրս կու գայ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութենէն՝ հրաժարելով նաեւ իր լիազօրութիւններէն` իբրեւ հաշուիչ յանձնախումբի անդամ:
«Ես ինքս յայտարարում եմ, որ դուրս եմ գալիս «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնից մեծ ցաւով, վայր եմ դնում իմ լիազօրութիւնները որպէս հաշուիչ յանձնախմբի անդամ։ Ներողութիւն եմ ուզում խնդրել բոլոր իմ կուսակցական ընկերներից որեւէ ժամանակահատուածում իմ վարքով, իմ քայլով թիմի հեղինակութեանը չնչին իսկ վնաս հասցրած լինելու համար», յայտնեց Աղազարեան, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի շարքերէն հեռացուեցաւ վարչապետ Փաշինեանի խնդրանքը մերժելէ ետք:
Փաշինեան շուրջ երկու շաբաթ առաջ երկու պատգամաւորներէ խնդրած էր հրաժարիլ: Նարեկ Զէյնալեան հնազանդեցաւ, իսկ Աղազարեան դիմադրեց եւ հրապարակաւ մերժեց Փաշինեանի խնդրանքը: