Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերի երեկոյեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» հանդիսասրահին մէջ գործադրուեցաւ մշակութային ճոխ յայտագիր մը՝ ձօնուած ներկայիս գործող եւ երեսուն եւ աւելի տարիներ վարժարանին մէջ ծառայած ուսուցիչներու, պաշտօնէութեան եւ տնօրէններու. անոնք են՝ Արուս Անդրէասեան (երաժշտութիւն), Հուրի Խեչումեան (նախակրթարան), Տիգրան Հեքիմեան (մարմնամարզ), Արփի Մանկրեան (հաշուապահ, գրասենեկային պաշտօնեայ), Թագուշ Նալպանտեան եւ Քնար Պօղոսեան (հայերէն), Լեւոն Քէշիշեան (գրասենեկային պաշտօնեայ) եւ Թագուշ Խոդաբախշեան (Նազարեան ծաղկոցի տնօրէնուհի): Իսկ Անահիտ Նալբանդեան առաւել քան քառասուն տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ՝ իբրեւ ուսողութեան ուսուցչուհի, փոխտնօրէնուհի եւ ներկայիս՝ տնօրէնուհի միջնակարգ-երկրորդական բաժինի:
Մինչ հանդիսութիւնը, ներկաները ըմբոշխնեցին ազգային նուագարաններու աշակերտական ցուցահանդէսը՝ կազմակերպութեամբ երաժշտութեան եւ հայ մշակոյթի ուսուցիչներուն: Նոյն պահուն աշակերտներ նուիրատուութիւններ կը հաւաքէին՝ զօրակցելով հայրենիքի պաշտպան վիրաւոր զինուորներու եւ տեղահան արցախահայութեան:
Հանդիսութեան առաջին մասով ելոյթ ունեցան 6րդէն 11րդ դասարաններու աշակերտները՝ իրենց խօսքով, երգով, երգչախումբով, նուագով, պարով եւ թատերական ներկայացումով: Հնչեցին հայրենիքին, հայոց լեզուին, հայ ուսուցիչին եւ մեծարեալ կրթական մշակներուն նուիրուած խօսքեր:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ հայրենի երիտասարդ եւ տաղանդաշատ երգիչ Էրիկ Կարապետեան, խանդավառութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին:
Երկրորդ մասը նուիրուած էր օրուան մեծարեալներուն: Ընթերցուեցաւ վարժարանիս նախկին տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի շնորհաւորագիրը. խօսք առաւ վարժարանիս նախկին փոխտնօրէնուհի դոկտ. Էլլի Անդրէասեան եւ տեսանիւթով մը շնորհակալական խօսքեր արտասանեցին մեծարեալները: Ապա, տեղի ունեցաւ պարգեւատրում եւ յուշանուէրներու յանձնում առաջնորդին եւ վարժարանին կողմէ:
Սրտի խօսքեր արտասանեցին նախակրթարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Շահոյեան եւ ուսումնական ծրագիրներու վարիչ դոկտ. Նաթալի Պէրպէրեան:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վարժարանի ընդհանուր տեսուչ Դաւիթ Ղուկասեանի փակման խօսքով եւ Յովնան արքեպիսկոպոսի շնորհաւորական խօսքով ու աղօթքով:
Շնորհաւորելի են յայտագիրին մասնակցած առաւել քան 100 աշակերտները, անոնց հայոց լեզուի ուսուցիչները, երաժշտութեան եւ պարի ղեկավարները, դպրոցի պաշտօնէութիւնը Հայերէնի բաժանմունքը եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց բաժինը բերին ձեռնարկի յաջողութեան մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ