
Թամարա Պարսամեան
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն ԹԱՄԱՐԱ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Հանգուցեալը, իր ամուսնոյն՝ փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի (մահացած՝ 20 Նոյեմբեր 2015ին) հետ կատարած երկար տարիներու եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնն ու բարերարութիւնները շարունակած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին մէջ անոր մահէն ետք: Իրենց իշխանական նուիրատուութիւններուն կողքին, անոնք հիմնադիր բարերարներն են Օրենճ Քաունթիի «Յարութ Պարսամեան» Հայ կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանին մօտ հաստատուած «Յարութ Պարսամեան» կրթանպաստի հիմնադրամին. անոնք արժանացած են «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին, Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ, 16 Հոկտեմբեր 2011ին:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ