Կիրակի, 15 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայող թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Քրեսենթա հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ քարոզեց: Պատարագին ներկայ էին համայնքի եւ նշեալ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները եւ շրջանի մեծաթիւ հաւատացեալներ:
Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն եւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առիթով, Ս. պատարագին ընթացքին յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւն մը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ հանգուցեալ անդամներու եւ բարերարներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, իսկ Ս. խորանին ծառայեցին սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը:


Առաջնորդը իր քարոզին իբրեւ բնաբան վերցուցած էր Ղուկաս Աւետարանի 17րդ գլխուն 1-10 համարները, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը խօսի չորս նիւթերու մասին՝ ուրիշը գայթակղեցնելէ հեռու մնալ, մեղաւոր եղբօր մեղքերը ներել երբ ան կը զղջայ, մանանեխի չափ հաւատք ունենալ եւ անկարելին կարելի դարձնել, այլեւ «անպիտան» ծառաներ ըլլալով՝ հրամայուածը կատարել առանց հատուցման ակնկալութեան՝ դիտել տալով, որ ասոնք քրիստոնէական վարքագիծին մաս կը կազմեն, ապա սրբազանը բացատրեց անոնցմէ իւրաքանչիւրին կարեւորութիւնը քրիստոնեայ մարդուն կեանքին մէջ:
Իր խօսքին մէջ ծանրանալով հաւատքի կարեւորութեան վրայ՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը անդրադարձաւ Քրեսենթա հովիտի ժողովուրդին՝ իր շրջանին մէջ եկեղեցի ունենալու հաւատքին եւ դրուատելով անոր գլխաւոր բարերար ամոլը եւ շրջանի հայութեան մասնակցութիւնը այս սուրբ գործին՝ աւելցուց, որ հաւատքով նաեւ կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ ամբողջացման աշխատանքները յառաջ տանիլ, որպէսզի շրջանը լիարժէքօրէն օրհնուի իր եկեղեցական կառոյցով ու անոր գործունէութեամբ:
«Մեր ժողովուրդը միշտ հաւատքով շինած է իր հոգեւոր տունն ու դպրոցը, նոյնիսկ ամէնէն դժուար պայմաններու մէջ, երբեմն նաեւ իր իսկ տունէն առաջ», աւելցուց ան եւ ակնարկելով Մելքոնեան ամոլի քրիստոնէական ամուր հաւատքին ու եկեղեցասիրութեան՝ նշեց, որ զոյգը նետեց իր առաջին քայլը՝ յուսալով, որ բոլորանուէր նեցուկով շրջանի հայութիւնը իր աւարտին կը հասցնէ եկեղեցւոյ հայօրէն վերականգնման աշխատանքները, ապա բոլոր ներկաներուն փոխանցեց իր հայրական բարեմաղթութիւնները: