Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ըստ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ նախարարը ընդգծեց Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ կապերու եւ համագործակցութեան խորացման կարեւորութիւնը:
Դեսպանը շնորհաւորեց պաշտօնի նշանակման առիթով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու եւ ընդլայնելու ներկայ համագործակցութիւնը տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հետ:
Քննարկուեցան միասնաբար իրականացուող շարք մը ծրագիրներու ընթացքը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ուժանիւթի, ուժանիւթի, տեղական ինքնակառավարման ոլորտին մէջ համագործակցութեան, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին, որուն վերաբերեալ դեսպանը իր աջակցութիւնը յայտնեց: Քննարկուեցաւ նաեւ դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղղակի թռիչքներու սկսելու կարելիութիւնը։