Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Նոր տարուան գիշերը Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներու մէջ պատահեցան դէպքեր, որոնց ընթացքին 984 ինքնաշարժներ հրկիզուեցան եւ ձերբակալուեցան 420 անձեր, որոնցմէ 310ը արդէն բանտարկուած են:
Նշեալ թիւը աւելի բարձր է, քան 2023ի Նոր տարուան գիշերուանը, երբ 745 ինքնաշարժներ հրկիզուած էին եւ 380 անձեր ձերբակալուած էին:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռեթայոն յայտնեց, որ Նոր տարուան գիշերը երկրին զանազան շրջաններու մէջ զօրակոչի ենթարկուած էին շուրջ 90 հազար ոստիկաններ:
Ան նշեց, որ բանտարկուած անձերէն ոմանք հրթիռներ արձակած էին ` ուղղակի կերպով թիրախ դարձնելով ներքին ապահովութեան ուժերը:
Ներքին գործոց նախարարը դժգոհութիւն յայտնեց Ամանորի այս տհաճ աւանդութեան նկատմամբ: