Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտըլաթիին եւ անոր հետ քննարկած է Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակում պարունակող, մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելեալ հոսք ապահովող եւ «պատերազմին վերջ տուող» զինադադարի հաստատման համար թափուող ջանքերը:
«Անոնք քննարկեցին նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Պլինքըն անգամ մը եւս հաստատեց Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը սուրիական ղեկավարութեամբ՝ խաղաղ եւ համապարփակ քաղաքական փոխանցումին, դէպի կառավարութեան մը, որ ժողովուրդը կը ներկայացնէ եւ պատասխանատուութիւն կը կրէ», նշեց Միլըր:
Պլինքըն նաեւ իր գնահատանքը արտայայտեց շրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման համար այն ջանքերուն, զորս Եգիպտոսը կը թափէ եւ շեշտեց Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան կարեւորութիւնը: