«Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը հրթիռներով յարձակումներ գործեց` թիրախ դարձնելով հարաւային Լիբանանի Արապսալիմ, Հումին Ֆաուքա եւ Տէյր Զահրանի գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող հովիտները:
Աւելի ուշ «Նաշրա»ն աւելցուց, որ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է նաեւ Պաալպեք գաւառի Ժանթա շրջանի մերձակայքը:
«Հետախուզական տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած՝ Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի շարք մը թիրախներու վրայ օդային յարձակումներ գործեցինք», աւելի ուշ յայտարարեց իսրայէլեան բանակը: