«Ֆրիտըմ Հաուզ»ը (Freedom House) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովի կանոնադրութեան ստորագրութեան հանգամանքը:
Այս մասին կազմակերպութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Մենք կ՛ողջունենք Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան Ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովի կանոնադրութեան ստորագրութիւնը՝ իբրեւ Հայաստանի շարունակական յառաջընթացի եւ ժողովրդավարական զարգացման յանձնառութեան վկայութիւն: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի կառավարութեան՝ զարկ տալու բարեփոխումներուն, որոնց խոստացած են ձեռնարկել, ներառեալ հակախտրականութեան մասին օրէնքի ընդունումը»: