«Պի.Պի.Սի.»ի (BBC) ռուսական ծառայութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած եւ Պաքուի բանտին մէջ անօրէն կերպով պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի վիճակին՝ նշելով, որ Ապրիլ 2024ին ան հացադուլ յայտարարեց, եւ իբրեւ պատիժ, ըստ անոր փաստաբաններուն, զայն տեղափոխեցին մենախուց մը։
Թերթին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի այս մասին Վարդանեանի ամերիկացի փաստաբան Ճերըտ Կենսըրի յայտարարութիւնը, որուն մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած է թէ՛ բանտին եւ թէ մենախուցին մէջ անոր դիմագրաւած վատ պայմանները, ջուրէ եւ մաքրութեան տարրական պայմաններէ զրկուիլը, լուացարանի թուղթ չապահովելը, գրել-կարդալ արգիլելը եւ այլն:
«Պի.Պի.Սի.»ն կը մէջբերէ Վարդանեանի որդիին` Դաւիթին վկայութիւնը. անոր հայրը նամակներ կը գրէ եւ կ՛ուղարկէ, բայց անոնք երբեք չեն հասնիր իրենց հասցէատէրերուն: Բժիշկներուն կ՛արգիլուի անոր հետ տեսակցիլը եւ այլն։