Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարօ Սուրիոյ դէմ հաստատուած կարգ մը պատժամիջոցներ չեղեալ յայտարարեց, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Եւրոպական Միութիւնը կրնայ մօտ օրէն առկախել Սուրիոյ դէմ ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներու պատժամիջոցները: Դիւանագէտներ Եւրոպական Միութիւնը յորդորեցին` Սուրիոյ մէջ տնտեսական մարզին վրայ սահմանափակումները առկախելու արագ քայլեր որդեգրելու, ինչպէս նաեւ յանձնարարեցին Սուրիոյ հետ դրամատնային ու ներդրումային յարաբերութիւնները վերականգնելու», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին կարգ մը դիւանագէտներ: