Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի, հակադարձելով Կազայի պաղեստինցիները տեղահանելու՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կոչին, առաջարկեց իսրայէլացիները վերաբնակեցնել Կրինլենտի մէջ:
«Այս ձեւով անոնք կրնան մէկ քարով երկու թռչուն սպաննել», «Սքայ Նիուզ»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ Արաղճի՝ աւելցնելով. «Մենք յստակօրէն հասկցուցած ենք, որ մեր հիւլէական կառոյցներուն վրայ որեւէ յարձակում պիտի ստանայ անյապաղ եւ վճռական պատասխան: Սակայն ես չեմ կարծեր, որ անոնք պիտի գործադրեն այդ խելագարութիւնը, որ շրջանին համար մեծ աղէտ մը պիտի ըլլայ»: