Բարեկամ մը, որ դժբախտութիւնը ունէր առօրեայ դրութեամբ տգէտ մարդոց հանդիպելու, օր մը համարձակեցաւ այս աշխարհը կոչել «փոքրիկ խենթանոց»: Ան մեր ուշադրութեան յանձնեց իր հանդիպած մարդոց կարգ մը յատկանիշերը, որոնք խելքի տկարութեան հետեւանքով ի յայտ կու գային: Նախ, կարեւորութեամբ յայտնեց ան, որ ուղեղի անհաւասարակշռութեան առաջին նշան կարելի է նկատել, իր գիտցածը բացարձակ ճշմարտութիւն համարելը: Իսկապէս ալ, իրենց գիտցածին վրայ պնդելու ունակութիւն ունեցողներուն աչքերուն մէջ կարելի է կարդալ մտային անհաւասարակշռութեան նշաններ:
Երկրորդ նշանը, զոր ան նկատած էր իր ամէնօրեայ «բարեկամ»ներուն մօտ, անոնց մնայուն բարկացոտութիւնն ու ջղագրգռութիւնն էր: Ասիկա ամէնէն սովորական փաստերէն մէկն է, որովհետեւ հոգեբուժարաններուն մէջ գտնուող պատսպարեալներուն մեծ մասը, յարատեւ բարկութեան հետեւանքով ստացուած ջղագրգռութեան պատճառաւ ինկած կ’ըլլան այդ հաստատութիւններուն հոգածութեան տակ: Ուրիշ բարեկամ մը կը պատմէ, թէ իրենց թաղին մէջ մարդ մը ամէն երեկոյ տուն գալուն, կը բարկանար ու կը կռուէր, մինչեւ որ բժիշկներ հաստատեցին մտային անհաւասարակշռութիւնը, եւ ոստիկաններու ընկերակցութեամբ ենթական փոխադրեցին հոգեբուժարան:
Յարատեւ բարկացոտութեան, ու կացութեա՛ն մը դիմաց սովորական բարկութեան միջեւ շատ մեծ է տարբերութիւնը: Մինչ երկրորդը բնական պոռթկում մըն է, որուն նպատակը առհասարակ բարին է, սակայն առաջինը՝ ընդհակառակը, անիմաստ տեղը նոր կացութեան մը ստեղծումն է, շատ յաճախ գիտակից մօտեցումով, իր գիտցածը բացարձակ ճշմարտութիւն իբրեւ հրամցնելու մանկական հեղինակութեամբ:
Բացարձակ ճշմարտութեան իրենց մօտ ըլլալը յայտարարելը, զոր մտքով հիւանդագին անձերու յատուկ է, զիրենք ընկերութենէն զատորոշող ազդակը կը հանդիսանայ: Նման մօտեցում ունեցողներ շուտով կ’առանձնանան, կը կղզիանան, կը կորսնցնեն իրենց բարեկամները, որ աւելի ու աւելի կը բարձրացնէ իրենց ջղագրգռութեան ջերմաստիճանը: Անոնք հետզհետէ կը դառնան առանձնակեաց գազաններ, որոնք կ’ուզեն յօշոտել իրենց շրջապատին մէջ գտնուողները: Իրենց գիտցած «բացարձակ ճշմարտութիւն»ը ներկայացնելու ջղագրգիռ մէկ պահուն, անոնք խտրութիւն չեն դներ իրենց սեղանակիցներուն, ծանօթներուն, հարազատներուն, թէ եօթն օտարին միջեւ: Աշխարհի համայն մարդկութիւնը իրենց դիմաց հասարակաց թշնամի կը տեսնեն անոնք, եւ ճիգ չեն խնայեր զանոնք նուաճելու, ոտնակոխելու, եւ յոռեգոյն պարագային՝ յօշոտելու:
Իրենց գիտցածը «բացարձակ ճշմարտութիւն» ներկայացնելու հիմնական կերպ մը ունին նման թշուառականներ, որ պոռալն է: Պոռալը, որեւէ բանավէճի, կռուի թէ այլ պարագաներու, մէկ բանի նշան է՝ տկարութեան: Տկար ու անզօր մարդն է որ կը պոռայ, կարծելով թէ իր զայրոյթով պիտի վախցնէ իր հակառակորդները: Անոնցմէ ոմանք, իրենց ձայնին բարձրութեամբ, իրենց վախը կը փարատեն միայն: Տեսնուած է, օրինակ, որ գիշեր ատեն մութ ու ամայի վայրէ մը անցած պահուն, վախկոտ նկարագրով մարդիկ «քաջաբար» կը պոռան, հաւանական յարձակող մը վանելէ աւելի, իրենց սեփական վախը փարատելու ներքին համոզումով: Կենդանական աշխարհին մէջ ալ նման իրավիճակներու կը հանդիպինք: Շուներու կարգ մը տեսակներ, օտար մը տեսնելուն, անընդհատ կը հաջեն, դիմացինը վախցնելէ աւելի, իրենք ներքին ինքնավստահութիւն ապահովելու եւ «վտանգ»ը վանելու համար: Շան հաջոցին մէջ գտնուող վախի երեւոյթը հաստատելու համար, կը բաւէ գաւազան մը վերցնել, կամ՝ գետնէն քար մը առնելով իր ուղղութեամբ նետել: Յանկարծ կը տեսնես որ պոչին նայելով, 180 աստիճանի ետդարձ մը կը կատարէ ու կը հեռանայ: Մարդու պարագային անշուշտ, այս վախը տարբեր չափեր ունի: Սա ալ հոգեբանական ուրիշ երեւոյթ մըն է, որուն կ’արժէ առանձին անդրադառնալ այլ առիթով:
Բանականութեամբ կենդանիէն զատորոշուող մարդը, որուն ուղեղն ալ եթէ անհաւասարակշռութեան նշաններ ցոյց չի տար, բնա՛ւ չի պոռար ուրիշի մը վրայ: Բարկացոտութեան ու ջղագրգռութեան նշաններ ալ ցոյց չի՛ տար ան, որովհետեւ գիտէ, որ ուրիշն ալ կրնայ իրաւունք ունենալ: Սակայն խենթին ու մտային անհաւասարակշռութեամբ տառապող հիւանդին ուղեղը, թուաբանական այս հաշիւները չի՛ կրնար գումարել: Անիկա իր գիտցածին ճշմարտացիութեան համոզուած ըլլալով, մէկ ընելիք միայն կ’ունենայ, եւ այն ալ պոռալն է:
Մտային անհաւասարակշռութենէ տառապող ցաւագարներուն համար, պոռալը ինքնապարտադրումի ամէնէն ազդու եւ արագ կերպն է: Սակայն, անոնք չեն կրնար անդրադառնալ, անշուշտ, որ ատիկա շատ տգէտ կերպ մըն է ինքնապարտադրումի: Հեղինակութիւնը մարդիկ կրնան վաստկիլ եւ ո՛չ թէ պահանջել իբրեւ իրաւունք: Խօսքիդ ճշմարտացիութեան նկատմամբ ուրիշներուն ունեցած հաւատքը, անձիդ նկատմամբ ունեցած անոնց յարգանքով պայմանաւորուած կ’ըլլայ: Յարգանքը մէկու մը պոռչտուքի ընթացքին արտաբերած ձայնի բարձրութեան չ’երթար, այլ անձին ու անոր վայելած վարկին եւ շրջապատին մէջ ունեցած հեղինակութեան կը տրուի:
Անհեթեթ երեւոյթը այն է, թէ խենթը նաեւ չանդրադառնար, որ իր պոռալուն իբրեւ հետեւանք ո՛չ մէկ բան կը փոխուի: Այլ՝ իր իմացած «բացարձակ ճշմարտութիւնը» կը մնայ միա՛յն իր անհաւասարակշիռ ուղեղին, իսկ ուրիշներ իրենց գիտցածը կը շարունակեն ընել:
Ինքնապարտադրումի բազմաթիւ ազնիւ այլ կերպեր կան, որոնք պարկեշտութեամբ, փոխադարձ վստահութեամբ, ու փոխադարձ յարգանքով կը շահուին: Բոլոր այս պայմաններն ալ զսպանակուած են աստուածային զգացումով մը՝ սիրով, որ երբ մարդկային կեանքը իր հակակշռին տակ առնէ, այնտեղէն կը չքանան անմարդկային վարմունքն ու ատելութիւնը: Իսկ նման կացութեան մը մէջ, ինքնապարտադրանք աւելորդ կը դառնայ, որովհետեւ փոխադարձ յարգանքը նման սին ու դիւային զգացումի մը տեղի չի՛ տար:
Ինքնապարտադրումի տգէտ կերպն է պոռալով իր ներկայութիւնը փաստելը: Որովհետեւ ճիշդ հակառակ արդիւնքը կու տայ ատիկա, եւ նուազագոյն յարգանքն իսկ, որ մարդիկ սխալմամբ տածած էին տուեալ անձին, այն կը շատ համարելով յետս կը կոչեն, յիմարը յաւիտենապէս յարգանքի ծարաւ թողելով: