ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Միտքդ եւ գրիչդ անսպառ, մտաւորական ազնիւ ընկեր՝ Սարօ Նազարեան:
Կոչումը, օրհնանք մըն է «կոչուած» անձին հետ ծնունդ առած:
Կոչում ունեցող անհատին համար, անբաւարար կը նկատուին իր առաքելութեան հետ առնչուած, որեւէ ծրագիրի կամ աշխատանքի մը ամբողջականութիւնը վայելելը…
Կոչումի ծինը, «կոչուած» անհատին, կ՛ապաստանի հոն, ուր իր հոգիի ու մտքի խորքը գտնուող ալեկոծումները, ստեղծագործելով եւ լուսարձակելով՝ կեանքի շունչը կը բուրեն չորս դին…
Ի դէպ, իր արդար «կոչում»ին տէր անձին, միտքն ու ապրումները արտայայտելու եւ գրելու ծարաւը երբե՛ք չի յագենար, յատկապէս, բարոյական արժէքներով եւ մարդկային արժանիքներով տարուած ու մտահոգուած անհատներու համար:
Իւրայատուկ են նաեւ անոնք, որոնց մօտ ոչ միայն բարոյական այլ նաեւ ազգային արժէքներու պահպանումն ու զանոնք դրսեւորելու եւ փոխանցելու մարմաջ կայ:
Սփիւռքահայ անհամար գաղութներէն մէկուն զաւակը ըլլալով, ծանօթացայ այլ սփիւռքահայ գաղութէ մը Ամերիկա հաստատուած անզուգական «ընկերոջ» մը, որուն մարդ էութիւնը շաղկապուած էր՝ թափանցիկ անկեղծութեամբ, ուղղամտութեամբ եւ ազգային ու հայրենական մաքրամաքուր արժանիքներով:
Ընկեր Սարօ Նազարեան:
Ուսուցիչի նուիրական առաքելութեան ճակատագրի բերումով ծանօթացանք եւ ազգային հոգսերով ու հայրենիքի ցաւերով՝ մտերմացանք..:. Յաճախ կը խորհրդակցէինք՝ մեր ազգային ցաւին ու անոր երբեք չյանձնուելու անմար յոյսին ու յոյսին խառնած մեր խորհրդակցութեանց ալեկոծումները… եւ վերջապէս, «լաւ կ՛ըլլայ, լաւ կ՛ըլլայ» կը մրթմրթայինք դասաժամի զանգին հետ, ապա նոր յոյսերով եւ յանդուգն քայլերով, նոր դասապահ մը ստանձնելու կորովը մեր մէջ՝ կը դասաւանդէինք:
Վերջերս, յարգելի մեր ընկերը ինքզինք հանգստեան կոչեց:
Անթիւ ու անհամար երազներ ունէր պահած հոգիին ու մտքին խորքը: Սիրտը լեցուն էր ապրումներով եւ միտքը բեղուն՝ խոհերով, որոնք յաճախ տարբեր թերթերու մէջ, հաղորդական իր յօդուածներով յաճախ լոյս կը տեսնէին, սակայն այս վերջինը, որուն մասին անհամբեր եմ արտայայտուելու, այս մէկը, հաստատ իր մտապաստառէն յառաջացած քառասմբակ տողերով պէտք էր տողանցէր եւ արձանագրուէր, վերջապէս լոյս տեսնելու, գրական արուեստի իր մէկ հիւլէն՝ Սարօ Նազարեանի «Լուսանկարների Ալբոմները» պատմուածքներու ժողովածուն:
Հայկական կրթութեան առաքելութեան ջահակիրներուս՝ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի «շնորհուած» երկար արձակուրդը, որ յագեցնող եւ լիցքաւորող իւրայատուկ առիթ մըն էր, ուր այս տարի ինքզինքս շոյած ըլլալու յաւակնութեամբ շուտով ձեռք բերի յարգելի ընկերոջս՝ Սարօ Նազարեանի «Լուսանկարների Ալբոմները» նորածին գրական ժողովածուն:
Առաջին նայուածքով, գիրքին գունագեղ պատեանը «պայծառ» յուզականութիւն արտայայտող դրուածք մը ունէր:
Վերջապատեա՞նը… ա՜խ, որքա՜ն յուզեց սփիւռքահայու իմ էութիւնս, երբ կարդացի հարազատ հոգոցներու շարան մը՝ «Գաղթակա՛ն է… Չգիտես ո՞ւր… Չգիտես ինչո՞ւ…»:
Անմիջապէս եւ անհամբեր թերթատեցի բովանդակութիւնը կազմող պատմուածքներու վերնագրերը:
Խորասուզուեցայ մտածումներուս մէջ. «Գաղթական է…այո՛, գաղթական ենք, գաղթակա՜ն»:
Առաջին պատմուածքին հետ, թափ առաւ ընթերցելու ծարաւս:
Պարզութեան եւ յստակութեան տեսիլք մը գծագրուեցաւ մտապատկերիս մէջ, որ առաւել հետաքրքրութիւն մը արթնցուց մէջս, եւ… շարունակեցի կարդալ, կարդալ անընդհատ ու անդադար:
Որոշեցի նախընտրութիւն չընել վերնագիրներու ընտրութեամբ կարդալու, այլ փորձեցի պատմուածքներու յաջորդականութիւնը յարգել՝ ինչպէս որ հեղինակը նախընտրած էր ներկայացնել:
Համակ ընթերցանութեան առթած հաճոյքով կարդացի եւ իւրաքանչիւր պատմուածքի մէջ ըմբոշխնեցի, խոր հարազատութեամբ եւ ճշմարտութեամբ ներկայացուած տիպարներու մտածումներն ու ապրումները, որոնք ոչ միայն հարազատ էին, այլեւ կարծէք կ՛ապրէին եւ կը գործէին իմ աչքիս առաջ, եւ որ կարծէք ես զանոնք կը ճանչնայի իմ ամենօրեայ կեանքիս մէջ ու կը սկսէի ներկայացուած տիպարները փնտռել իմ շուրջս գտնուող ծանօթներուս մէջ, թէեւ մերթ ընդ մերթ կը փոխուէին անոնք, սակայն միշտ եւ ամենուրէք կը տեսնէի ու կը ճանչնայի ես զանոնք:
Պահ մը դադար առնելով, մերթ կը յիշէի՝ Գ. Զօհրապի «Կեանքը ինչպէս որ է» հաւաքածոն, պահ մը՝ Յ.Թումանեանի «Մխսին եւ Մնուշը»ը եւ «Է՜հ, Երնէ՜կ էն օրերուն..»ը, պահ մը՝ Յ. Օշականի «Վերջին դասը»ն՝ «Տօ՛, եթէ անգամ մը եւս աշխարհ գայի նորէն հայ կը ծնէի, Հա՛յ..»ը:
Պահ մը՝ Բենիամին Նուռիկեան «Իր մեռած հոգիին համար»ը… եւ վերջապէս, պահ մը՝ Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով»ը:
Այժմ «Լուսանկարների Ալբոմները» հաւաքածոյէն փոխանցուած պահերը, հարազատ պահեր էին, որոնք այնքան արագացուցին ընթերցանութեանս հեւքը, որ «այսօր, այսքանը կը բաւէ» կ՛ըսէի մտովի « չեմ ուզեր աւարտել բովանդակութիւնը, չէ՞ որ արձակուրդիս նուէրն էր…, թող որ երկար վայելեմ, թող մնայ, վաղը կրկին կը շարունակեմ կարդալ», կ՛ըսէի եւ գիրքը փակելով կը զետեղէի սեղանիս վրայ:
Սակայն, կիսատ մնացած «Լուսանկարների Ալբոմները» աչքէս չէր հեռանար, ակնարկս միշտ հոն կ՛երթար:
Վերջապէս, քանի մը օր յետոյ, գիրքի պարունակութեան հետ կրկին միաձուլուած էի:
Այնքան հարազատ ու արտայայտիչ դէպքեր ու տիպարներ էին, որ կարծէք բեմի վրայ դիտուած խաղարկութիւն մըն էր եւ ո՛չ թէ ընթերցանութեան պահ մը:
Որքա՜ն անկեղծ եւ հարազատ «ներկայացում»ներ էին անոնք,որ արտայայտիչ, հեզասահ եւ հարազատ լեզուով եւ նկարագրութեամբ կը ներկայանային հոն՝ դէպքերն ու անոնց հետեւանքներով յառաջացած հոգեկան ապրումներն ու կեանքի անցուդարձը ներկայացնող տիպարներու վարքը: Այո՛, այո՛ իսկապէս ապրուած իրապաշտ կեանքեր էին անոնք, թէեւ երբեմն անսպասելի, սակայն եւ շատ հարազատ ու ցաւոտ անակնկալներով լի ամերիկահայ կեանքի մը ընթացքը, որ դասական Սփիւռքէն Ամերիկա ժամանած այս կամ այն ծանօթին պատահած ըլլալու էր՝ անպայման: Աստուած իմ, որքա՜ն իրական շունչ ու հոգոց կար ներկայացուած այդ կեանքերուն մէջ, կարծէք պատկերներ էին ցուցադրուած՝ սուր նայուածքի եւ սրամիտ անհատի մը առաջ, յստակ ու հասկնալի «կեանքի հարազատ անցուդարձեր»ով, որոնք որքան վիպական, այնքան նաեւ իրապաշտ էին:
Ահաւասիկ, կեանքը, հարազատ մեր կեանքը, բազմազան իր ելեւէջներով եւ ալեկոծումներով:
Եւ յատկապէս, ամերիկահայ կեանքի ամէնօրեայ հարազատ տիպարներու այլազան ու անհամար անակնկալներով լի էին անոնք:
Սակայն, կեանքը դիտելու եւ ըմբռնելու միտքն ու հոգին, սակաւաթիւ անհատներու շնորհուած ըլլալով՝ զանոնք արտայայտող գրողներու թիւը սակաւաթիւ է այսօր, որ բաւարար չէ հայկական մեծ ու տարածուն Սփիւռքիս համար:
Միտքդ, գրիչդ եւ շունչդ անսպառ, մտաւորական յարգելի ընկեր՝ Սարօ Նազարեան:
Ընկերական ջերմ սիրով՝ Պատի՛ւ արժանաւորաց: