Գերմանիոյ Հիրշայտ քաղաքին մէջ բացուեցաւ ԹՈՒՄՕի նոր կեդրոն մը, որ իր տեսակին մէջ 3րդն է երկրի տարածքին։
Առաւել քան 500 պատանիներու համար նախատեսուած կեդրոնը բացման օրն իսկ արդէն լեցուն էր ուսանողներով: Ծրագրաւորման, նկարչութեան, մարդ-մեքենաներու շինութեան, խաղերու, լուսանկարչութեան եւ ֆիլմերու պատրաստութեան եւ այլ բնագաւառներ առաջարկող կրթական ծրագիրը արդէն ունի առաւել քան 200 արձանագրուած հետեւորդներ:
ԹՈՒՄՕի գերմանական ցանցը, որ կը ներառէ Պերլինի եւ Մանհայմի կեդրոնները, շուտով պիտի ամբողջացուի երեք նոր կեդրոններով՝ Լիւտենշայտ, Զաարպրիւքեն եւ Էսսէն քաղաքներուն մէջ։
Գերմանիոյ մէջ ԹՈՒՄՕի հիմնական գործընկերներն են՝ KfW դրամատունը, կրթութեան եւ հետազօտութիւններու նախարարութիւնը, Dietmar Hopp հիմնարկը, Մանհայմի քաղաքապետարանը եւ Starkmacher-ը: