Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը կը մեղադրէ Իսրայէլի իշխանութիւնները կրօնական կազմակերպութեան դէմ «անարդար, նպատակային եւ աղտոտ հարկեր» գանձելու մէջ։ Այս մասին կը նշուի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի «Էքս»ի էջին վրայ կատարուած հրապարակումին մէջ:
Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կը ձգտի բռնագրաւել դարերով իրեն պատկանող կալուածները եւ զայն աճուրդի հանել` 1994էն ի վեր իբր թէ գոյացած համայնքային պարտքերը հաւաքելու համար:
«Եթէ, Աստուած մի արասցէ, պատրիարքարանի միջնորդութիւնը մերժուի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կապանք կը դնի Պատրիարքարանին պատկանող անշարժ գոյքին վրայ եւ անիկա աճուրդի կը հանուի` վերականգնելու համար ենթադրեալ վիճելի պարտքերը, որոնք դատական կարգով երբեք չեն ապացուցուած», կ՛ըսուի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Մինչ այդ, Կիրակի օր, Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարը այցելեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ։ Անոր այցելութիւնը տաճարի կաթողիկէ մասին մէջ էր: Այս մասին, ըստ «Նիուզ»ի, յայտնեց Էմանուէլ վարդապետ Աթաճանեան:
Ան յիշեցուց, որ տաճարը բաժնուած է երեք մասերու` հայկական, յունական եւ կաթողիկէ: Էմանուէլ վարդապետ Աթաճանեան տեղեկացուց, որ հանդիպումին մասնակցեցան բոլոր երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ եկեղեցին կառուցուած է հոն, ուր, ըստ Աստուածաշունչին, դրուած էր Քրիստոսի մարմինը, եւ այնտեղէն յարութիւն առած: