
Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց պատրիարքութեան կառոյցներու բռնագրաւման անարդար որոշումին եւ պատրիարքութեան պարտադրուող անտրամաբանական հսկայական պարտքին գծով պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան նամակ մը յղեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, հաղորդեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը:
Պատրիարքը իր նամակին մէջ մասնաւորաբար կը յորդորէ Իսրայէլի վարչապետը՝ միջամտել հարցին, դադրեցնել Հայոց պատրիարքութեան դէմ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին ձեռնարկած գործողութիւնները եւ հարցին լուծում մը տալու նպատակով՝ վերսկսիլ իրեն կողմէ նշանակուած կառավարական յանձնախումբին հետ հանդիպումներու:
Յիշեցնենք, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կալուածները բռնագրաւման վտանգի տակ են՝ համայնքային հարկերու պարտքին պատճառով: Անոնք, ըստ Իսրայէլի կառավարութեան, գոյացած են 1994էն սկսեալ, իսկ պատրիարքարանը պարտքը վիճելի եւ դատական գործընթացներով չհաստատուած կը նկատէ:
Պատրիարքարանը դիմած է վերաքննիչ դատարանին: Եթէ դատարանը 24 Փետրուարին մերժէ պատրիարքութեան վերաքննիչ բողոքը, քաղաքապետարանը պիտի բռնագանձէ եւ աճուրդի պիտի հանէ հայոց եկեղեցւոյ կալուածները:
Այս մասին յայտարարութեան մը միջոցով հանդէս եկան Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները: Վերջինները Հայոց պատրիարքարանին դէմ ձեռնարկուած գործողութիւնները «իրաւաբանօրէն կասկածելի եւ բարոյապէս անընդունելի» նկատեցին: Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին, որ այսպիսով կը ստեղծուի «վտանգաւոր նախադէպ մը, որ կրնայ սպառնալ Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական բոլոր հաստատութիւններուն»:
«Այս գործողութիւնները կը խախտեն կրօնի ազատութիւնը, որ բոլոր միւս իրաւունքներուն հիմքն է, որովհետեւ գոյքի բռնագրաւումով փորձ կը կատարուի վտանգել Հայոց եկեղեցւոյ գոյութիւնը՝ զրկելով զայն գործունէութեան անհրաժեշտ տնտեսական միջոցներէն եւ հայ համայնքը՝ իր եկեղեցւոյ հովուական խնամքէն», կ՛ըսուի Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու յայտարարութեան մէջ:
16 Փետրուարին, Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարը այցելած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն դիմաւորելու արարողութեան ներկայ եղան Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան վրդ. Գոգչեան եւ Սուրբ Յարութեան տաճարի նախկին տեսուչ Սամուէլ Ծ. վրդ. Աղոյեան: Աւելի ուշ Աղան վրդ. Գոգչեան լրատուական միջոցներու ըսաւ, որ ինք անդրադարձաւ Իսրայէլի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան հարցին եւ անոնց հեռանալուն վերաբերող մտահոգութիւններուն: Ռուպիօ ըսաւ, որ բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնց կարգին հայեր, արդէն հեռացած են Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներէ, եւ Միացեալ Նահանգները ամէն ինչ կ՛ընէ, որ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Իսրայէլի մէջ հաստատուն մնայ: