ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի կառավարութիւնը անգամ մը եւս քննադատեց Ատրպէյճանի ապակայունացնող քաղաքականութիւնը՝ ֆրանսական Նոր Գալետոնիա անդրծովեան տարածքին նկատմամբ։ Ըստ Le Figaro-ի՝ այս մասին յայտարարեց անդրծովեան տարածքներու նախարար Մանիւէլ Վալս՝ Նոր Գալետոնիա կատարած այցելութեան ընթացքին։
Ան ըսաւ, թէ Ֆրանսա պիտի օգտագործէ բոլոր միջոցները՝ Նոր Գալետոնիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան՝ արտաքին միջամտութեան հակազդելու համար։
«Ներդրումներ կատարելով՝ Պաքու ոչ միայն կը ձգտի ազդել քաղաքական բանավէճերու վրայ, օգտագործելով ճգնաժամային պահերը, ինչպէս՝ Նոր Գալետոնիոյ պարագային, այլ նաեւ կը ջանայ միջամտել, հետեւաբար, վարել ապակայունացման քաղաքականութիւն մը», ըսաւ Վալս՝ աւելցնելով, թէ Ատրպէյճանի հռետորաբանութիւնը Նոր Գալետոնիոյ հասցէին առնուազն տարօրինակ է.
«Յայտարարութիւնները, որոնք կը պահանջեն առաւել ժողովրդավարութիւն եւ առաւել պաշտպանուածութիւն, կը հնչեն այնպիսի երկրէ մը, որ ժողովրդավար չէ եւ ցեղային մաքրագործումներ կատարած է Ղարաբաղի մէջ։ Այս յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ այդ երկրին շահը ոչ թէ հոս ոեւէ մէկը պաշտպանելն է, այլ Ֆրանսային վնաս հասցնելը», ընդգծեց Վալս։