«Լոս Անճելըս Քինկզ» հաքիի խումբին տնօրէնութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով ներողութիւն հայցեց հայերէն, երբ յայտնի դարձաւ, որ «Հայկական Ժառանգութեան Երեկոյ»ին ընթացքին ծախուած հայկական եռագոյնի գոյներով վզկապները եւ այլ իրեր արտադրուած են Թուրքիոյ մէջ։
Խումը իր յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ, թէ տեղեկութիւն չէ ունեցած իրերուն արտադրութեան վայրին մասին՝ ցաւ յայտնելով այս արարքին ունեցած բացասական հետեւանքներուն համար՝ հայ համայնքին վրայ։
Խումբը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդունելու վերադարձուող իրերը։