
Եթէ Հայաստան մինչեւ 2025ի աւարտը ՀԱՊԿի պիւտճէին չվճարէ իր բաժին ֆինանսաւորումը՝ կազմակերպութեան անդամ երկիրները «կրնան տարբեր բեմագրութիւններ նկատի ունենալ», «Ռիա Նովոսթի»ին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքին` շեշտելով. «Բայց, հաւանաբար, ոչ ոք զայն կը վտարէ ՀԱՊԿէն»: Սակայն, Փանքին չմանրամասնեց, թէ ի՛նչ բեմագրութիւններու մասին է խօսքը: Ան միայն այլ երկիրներու օրինակը տուաւ` նշելով, որ «եղած են դէպքեր, երբ այլ երկիրներ թեքնիք, ֆինանսական եւ այլ պատճառներով պարտքեր ունեցած են»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան Փետրուար 2024ին յայտարարեց, որ կը սառեցնէ իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿի միջոցառումներուն, ապա հրաժարեցաւ իր բաժին ֆինանսաւորումը յատկացնել այդ կառոյցին, մնայուն կերպով չի մասնակցիր միացեալ զօրավարժութիւններուն, հանդիպումներուն, սակայն անիկա պաշտօնապէս չէ դիմած ՀԱՊԿէն դուրս գալու գործընթացին սկսելու համար: